Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Հայաստանէն Բացատրութիւն Պահանջած Է ՆԱԹՕ-ի Զօրավարժութեան Մասնակցելու Մասին

Մոսկուան Հայաստանէն Բացատրութիւն Պահանջած Է ՆԱԹՕ-ի Զօրավարժութեան Մասնակցելու Մասին

by MassisPost

Մոսկուան Հայաստանէն պաշտօնական բացատրութիւն պահանջած է ՆԱԹՕ-ի համատեղ զօրավարժութիւններուն մասնակցելու առումով, ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ յաւելելով, որ իրենց արձագանգը պիտի որոշեն պատասխանը ստանալէ յետոյ:

Ան միաժամանակ նշած է, որ «Հայաստանի տարածքին ՀԱՊԿ-ի հարցով մանեովրներ ընելու` Երեւանի հրաժարիլը ափսոսանք կ’առաջացնէ եւ չի նպաստեր տարածաշրջանային անվտանգութեան բարձրացման»:

Զախարովայի մեկնութեամբ` Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կը շարունակէ գործընկեր երկիրները իր մանեովրներոն մասնակից դարձնելու աշխոյժ վարժութիւնը եւ կը ձգտի վերաձեւաւորելու այդ երկիրներու պաշտպանական համակարգերը` լծակներ ստանալ անոնց ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան գործընթացներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալու համար:

«Առաջին հերթին, ի հարկէ, այդ կը վերաբերի յետխորհրդային տարածքին, որ ՆԱԹՕ-ի համար իսկական դաշտ է Ռուսիոյ հետ աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան համար: ԱՄՆ եւ անոր դաշնակիցները կը փորձեն վարկաբեկել Ռուսիոյ հետ տարածաշրջանային երկիրներուն համագործակցութիւնը, կը ներքաշէ զանոնք փոխգործակցութեան տարբեր ձեւաչափերու մէջ, որոնք ակնյայտօրէն հակառուսական, եթէ ոչ երբեմն ռուսասարսափի բնոյթ կը կրեն», ըսած է Զախարովան:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն, իր հերթին, Երեւանի մէջ հանդիպած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի, փոխնախարարներ Սաֆարեանի եւ Կոստանեանի հետ: Կողմերը անդրադարձած էին Անդրկովկասի մէջ տիրող իրավիճակին, այդ շարքին` տարածաշրջանի պետութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment