Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բարձրաստիճան Զինուորականը Զօրքին Մէջ Խուճապ Տարածած Է Եւ Որեւէ Բացատրութիւն Չէ Տուած, Թէ Ինչու․ Փաշինեան

Բարձրաստիճան Զինուորականը Զօրքին Մէջ Խուճապ Տարածած Է Եւ Որեւէ Բացատրութիւն Չէ Տուած, Թէ Ինչու․ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին քանի մը դէպքերու, ուր բարձրաստիճան զինուորականներու գործողութիւններուն հետեւանքով թշնամին յաջողութիւններ արձանագրած է:

Կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին արձանագրուած քանի մը ուշագրաւ դրուագներ:

«Պաշտպանութեան բանակը յաջող հակագրոհ է արել եւ բարձունք է ետ գրաւել, սակայն բարձրաստիճան զինուորականը հրամայել է թողնել բարձունքը: Ըստ էութեան, բարձունքը նորից յանձնում են թշնամուն: Խնդիրը այն է, որ չկայ բացատրութիւն, թէ ինչու է ետ յանձնւում:  Մենք էլի ունենք նման իրավիճակներ, երբ բարձրաստիճան զինուորականը զօրքի մէջ խուճապ է տարածել եւ յանձնարարել է իր ենթակային, որ զօրքի մէջ խուճապ տարածի կամ պայմաններ է ապահովել, որպէսզի հակառակորդը առանց որեւէ բարդութեան գրաւի տարածքներ, իսկ յետոյ, երբ փաստերը դրւում են, զինուորականն ընդունում է, որ մեղաւոր է: Բայց սա ամբողջ պատմութիւնը չէ: Ինչո՞ւ են այս քայլերն արել: Ոչ մի յանցագործութիւն բացայայտուած չի մինչեւ շարժառիթը չի բացատրուել:

Օրինակ, եթէ ինձանից փորձագիտական կարծիք հարցնէք, որը իրաւաբանօրէն որեւէ նշանակութիւն չունի, ես կ’ասեմ` հնարաւո՞ր է նրանք ուրիշ երկրի գործակալներ են: Ես անում եմ իմ վերլուծական հետեւութիւնը», ըսաւ Փաշինեան:

Գրաւած բարձունքը ետ յանձնելու մասին խօսելով` Նիկոլ Փաշինեանը, հաւանաբար, նկատի ունեցած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանը, որ իրաւապահներու կողմէ քննուող քրէական գործով կը մեղադրուի Պաշտպանութեան բանակի ուժերուն կողմէ ետ գրաւած բարձունքը յանձնելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment