Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանն Ու Հայաստանը Համաձայնած Են Հանդիպիլ Ռուսիոյ Մէջ․ Զախարովա

Ատրպէյճանն Ու Հայաստանը Համաձայնած Են Հանդիպիլ Ռուսիոյ Մէջ․ Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ըսած է, որ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը ընդունած են Ռուսիոյ մէջ հանդիպելու առաջարկը` քննարկելու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը: Ճշգրիտ միջոցառումներու ժամկէտերը պիտի յայտարարուին, երբ ամէն ինչ վերջնականապէս համաձայնեցուած ըլլայ, նշած է ան:

«Մեր ջանքերը չեն թուլանար` բազմակողմանիօրէն աջակցելու համար Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին նախապատրաստելու խաղաղութեան համաձայնագիրը այդ երկիրներուն միջեւ», ըսած է Զախարովան:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն յառաջիկայ հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ չյայտնեցին, խօսնակը միայն փոխանցեց, որ նախարարի այցերուն ու հանդիպումներուն մասին պատշաճ ժամկէտի մէջ պիտի տեղեկացնեն:

Զախարովան նախօրէի զինուած ընդհարման մասին ըսած է, որ տեղի ունեցածը եւս մէկ անգամ կը հաստատէ, որ Պաքուն եւ Երեւանը պէտք է փոխադարձաբար զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ անշեղօրէն հաւատարիմ մնան Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ համաձայնութիւններուն:

Անոր ըսելով` նախօրէի միջադէպի շրջանին մէջ գտնուող Ռուսիոյ զինուած ուժերու եւ սահմանապահներու ներկայացուցիչները անյապաղ կապուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններուն հետ եւ լարուածութիւնը թուլցնելու միջոցներու ձեռնարկած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment