Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իմ Ուսումնասիրութիւններս Կը Փաստեն, Որ Հայկական Պնդումները Ապացուցող Որեւէ Փաստ Չկայ. Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարար

Իմ Ուսումնասիրութիւններս Կը Փաստեն, Որ Հայկական Պնդումները Ապացուցող Որեւէ Փաստ Չկայ. Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարար

by MassisPost

1915 թուականի իրադարձութիւններուն շուրջ Հայաստանին ու հայկական սփիւռքին դիրքորոշումը հիմնական խոչընդոտն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին, յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Հուլուսի Աքարը այս թեմայով ծաւալուն դասախօսութիւն կարդացած է Անգարայի Պիլիմ համալսարանին մէջ, ուր այս օրերուն խորհրդաժողով տեղի կ’ունենայ` 1915 թուականի հայկական իրադարձութիւններուն մասին ուղեցոյց մշակելու համար:

«Հայկական հարցը կտրուած է պատմական իրողութիւններէն եւ օգտագործուած է որպէս քաղաքական գործիք աւելի քան մէկ դար` յայտնուելով փակուղիի մէջ: Հայերի միակողմանի քարոզչութեամբ գծուած է Օսմանեան կայսրութեան բացասական պատկերը, մինչդեռ հայերուն կողմէ թուրքերու կոտորածները մնացած են անտեսուած», յայտնած է Աքար:

Ան յիշեցուցած է, որ իր դոկտորական թեզը պաշտպանած է այս թեմայով, Աթաթուրքի անուան ժամանակից պատմութեան համալսարանին մէջ հետազօտած է ամերիկացի զօրավար Հարպորտի առաքելութիւնը, որ Փարիզի հաշտութեան համագումարին որոշմամբ Ամերիկայէն Հայաստան ու Մերձաւոր Արեւելք ուղարկուած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն յետոյ:

«Իմ ուսումնասիրութիւններա կը փաստեն, որ հայկական պնդումները ապացուցող որեւէ փաստ չկայ», յայտնած է Աքար ու մօտ քսան վայրկեան շարունակուած ելոյթին մէջ կրկնած է պաշտօնական Անգարայի դիրքորոշումը: Այն է` Ցեղասպանութիւնը մտացածին է, այդ մասին պնդումները` հրահրուած. «Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործող արեւմտեան առաքելութիւնները համագործակցած են ծայրայեղ ազգայնական հայկական խմբաւորումներու հետ, զանոնք դրդել անկախութեան եւ օգտագործել որպէս գործիք` իրենց նպատակներուն հասնելու համար: Հայերը սկիզբը այդ գաղափարներուն չէին աջակցեր, զանոնք Օսմանեան կայսրութեան մէջ «միլլեթ-ի-սատիքա» կը կոչէին` չէզոք ժողովուրդ: Բայց գերտերութիւնները` Միացեալ Նահանգները, Անգլիան, Ֆրանսան ու Ռուսիան, սադրելով հայերը, կը ձգտէին հասնելու իրենց նպատակներուն, ինչ որ ալ ի վերջոյ յանգեցուց հայկական հարցին»:

Աքար կրկնած է պատմական արխիւները բանալու առաջարկը, որ Թուրքիոյ նախագահը ներկայացուցած էր Հայաստանի թէ՛ նախորդ, թէ՛ ներկայ իշխանութիւններուն: Չորս տարի առաջ` հայաստանեան յեղափոխութենէն յետոյ, Ապրիլ 24-ին Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ արխիւները բաց են, եւ իրենք թաքցնելու ոչինչ ունին, մինչդեռ «հայկական հարցը շահարկող ոչ մէկ խումբ եւ պետութիւն իր պնդումները չէ կրցած ապացուցել»:

«Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւններով լարուածութիւն ստեղծողներէն ոեւէ մէկուն ճշմարտութիւնը չի հետաքրքրեր», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը` Հայաստանին, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներուն կոչ ընելով բանալու իրենց արխիւները պատմաբաններու ուսումնասիրութեան համար:

Նոյնը նաեւ պաշտպանութեան նախարարը կրկնած է. «Իւրաքանչիւր ոք պէտք է գիտնայ` պատմութիւնը չի կրնար խմբագրուիլ այսօրինակ քաղաքական յայտարարութիւններով, եւ անոնք, որ այդպիսի դիրքորոշում կ’որդեգրեն, պէտք է ամչնան նայելու աշխարհին ու սեփական պատմութեան: Մենք` թուրքերս, բացած ենք մեր արխիւները եւ պատրաստ ենք պատմաբաններու անաչառ յանձնաժողով ստեղծելու: Մեր նախագահը ընդգծած է այդ ամէն առիթով ու ամէն տեղ: Մենք կը վերահաստատենք մեր կոչը այս թեմայով: Հայաստանն ալ Թուրքիոյ նման պէտք է բանայ իր արխիւները պատմաբաններուն առջեւ: Մենք այս մասին բազմիցս ըսած ենք, բայց որեւէ արձագանգ այս առաջարկին դեռ չենք ստացած»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը միաժամանակ պնդած է, որ անթոյլատրելի է պատմութենէն թշնամանք քաղել ու խորացնել հակասութիւնները. «Չնայած կատարուածին` Թուրքիան կը շարունակէ հաւատալ, որ հայերն ու թուրքերը, որ դարերով ապրած են հաշտութեան ու համակեցութեան մէջ, կրնան յարաբերութիւններ հաստատել բարեկամութեան ու համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ»:

Խօսելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հնարաւորութենէն` Աքար անմիջապէս անդրադարձած է թուրք֊ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, յիշատակած է Խոճալուն ու կրկին ընդգծած է, որ Անգարան եղբայրական Պաքուին երբեք միայնակ պիտի չթողէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment