Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահման ՀԱՊԿ Առաքելութիւն Ուղարկելու Ժամկէտերը Կախեալ Են Երեւանէն. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Հայ-Ատրպէյճանական Սահման ՀԱՊԿ Առաքելութիւն Ուղարկելու Ժամկէտերը Կախեալ Են Երեւանէն. Ռուսիոյ ԱԳՆ

by MassisPost

Հայ-ատրպէյճանական սահման ՀԱՊԿ առաքելութիւն ուղարկելու ժամկէտերը կախեալ են Երեւանէն, ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

Անոր խօսքով` Ռուսիան համոզուած է, որ նման քայլը պիտի օգնէ կայունացնելու իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, Մոսկուան եւ անոր դաշնակիցները պատրաստ են անոր:

«Նման որոշումները կը համաձայնեցուինկը  եւ հաստատուին ՀԱՊԿ-ի մէջ, ամենաբարձր մակարդակով հաստատուած` Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդին որոշմամբ: Ինչ կը վերաբերի ժամկէտերուն, ինծի կը թուի, որ այստեղ ալ ամէն ինչ պարզ է, ամէն ինչ կախեալ է հայ գործընկերներէն: Երբ անոնք պատրաստ ըլլան, մենք պիտի կարենանք վերադառնալ բովանդակային աշխատանքին` համախմբելու կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան յստակ եղանակները, ուստի գնդակը Երեւանի կողմն է», ըսած է Զախարովան:

Ան յաւելած է, որ Ռուսիոյ կը գոհացնէ ՀԱՊԿ ներկայացուցիչները ընդունելու` Երեւանի շարունակական հետաքրքրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment