Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կ’առաջարկէ Օրէնքով Արգիլել Զինուորականներուն Քաղաքական Յայտարարութիւններ Ընել

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կ’առաջարկէ Օրէնքով Արգիլել Զինուորականներուն Քաղաքական Յայտարարութիւններ Ընել

by MassisPost

Կառավարութիւնը, ի դէմս Պաշտպանութեան Նախարարութեան, կ’առաջարկէ օրէնսդրական փոփոխութեամբ արգիլել զինուորականներուն քաղաքական կոչեր կամ յայտարարութիւններ հնչեցնել, ինչպէս նաեւ արգիլել զինուորական կամ այլ ծառայողական համազգեստով հաւաքներու կամ բողոքի միջոցառումներու մասնակցութիւնը, լրատուամիջոցներով զինուած ուժերու գործունէութեան կամ տեղակայման մասին տեղեկութիւններ, տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ տարածելը կամ քննարկելը:

Օրէնսդրական փոփոխութիւններու փաթեթն խորհրդարանի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովին կը ներկայացնէր պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեանը` ընդգծելով, որ անոնք պիտի նպաստեն զինուած ուժերուն մէջ կարգապահութեան ամրապնդման:

«Զինուորական կամ այլ ծառայողական համազգեստով հաւաքների կամ հանրային բողոքի ներկայացման բնոյթ ունեցող այլ միջոցառման մասնակցելու արգելքը, անհատական կամ կոլեկտիւ ձեւաչափով ծառայութեան հարցերով կամ քաղաքական բնոյթ ունեցող կոչեր կամ յայտարարութիւններ հրապարակային հնչեցնելու արգելքը, համացանցով եւ զանգուածային լրատուութեամբ կամ հանրային հասանելիութեան այլ միջոցներով զինուած ուժերի գործունէութեան կամ տեղակայման կամ իր կան այլ զինծառայողների ծառայողական գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ, տեսանիւթեր, լուսանկարներ տարածելու կամ քննարկելու արգելքը` բացառութեամբ պաշտօնական բնոյթ ունեցող հրապարակումների, առանց իրաւասու վերադաս հրամանատարին գրաւոր տեղեկացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններից դուրս գալու արգելքը», ներկայացուց Սարգսեանը:

Ազգային Ժողով հրատապ կարգով ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթին մէջ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կ’առաջարկէ նաեւ զինուած ուժերուն մէջ արգիլել սմարթֆոններու օգտագործումը:

«Զինծառայողների նկատմամբ օրէնքով սահմանուած սահմանափակումները լրացւում են նաեւ ծառայութեան կրման որեւէ վայրում սմարթֆոն տիպի բջջային հեռախօս կրելու արգելքը», ըսաւ պաշտպանութեան փոխնախարարը:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը նաեւ կ’առաջարկէ վարչական պատասխանատուութիւն սահմանել բոլոր այն անձերուն համար, որոնք առանց իրաւունքի զինուորական համազգեստ կը կրեն: Պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցով պիտի զբաղի ռազմական ոստիկանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment