Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամանորի Համար Նախատեսուած Նուէրները Արցախի Երեխաները Պիտի Ստանան Սուրբ Զատիկի Օրերուն

Ամանորի Համար Նախատեսուած Նուէրները Արցախի Երեխաները Պիտի Ստանան Սուրբ Զատիկի Օրերուն

by MassisPost

Ծաղկազարդի եւ մանուկներու օրհնութեան օրուընէ սկսեալ` յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան շուրջ 12.500 երեխայ նուէրներ պիտի ստանան «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան կողմէ:

«Նուէրներ` Արցախի երեխաներուն» ծրագիրը գործակալութիւնը նախաձեռնած էր դեռ անցած տարեվերջին: Գործակալութեան` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող նուիրատուներու կողմէ այդ նպատակին համար նուիրաբերուած միջոցներով նուէրները գնուած էին մինչեւ Արցախի շրջափակումը: Նուէրներու յանձնումը կը նախատեսուէր Ամանորի նախաշեմին, սակայն Դեկտեմբեր 12-էն սկսեալ շրջափակման պատճառով տօնական անակնկալը չստացուեցաւ:

Շրջափակման ամիսներու ընթացքին հնարաւոր եղած էր Գորիսի մէջ պահուող նուէրները մաս-մաս տեղափոխել Արցախ, եւ Ապրիլ 2-էն արդէն մեկնարկած է փաթեթներու բաժանումը հասցէատէրերուն ինչպէս Ստեփանակերտի, այնպէս ալ Մարտունիի, Մարտակերտի ու Ասկերանի շրջաններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment