Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումէն Ետք Էականօրէն Աւելի Լաւ Իրավիճակ Ստեղծուած Է Դիրքային Առումով․ Ռուբինեան

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումէն Ետք Էականօրէն Աւելի Լաւ Իրավիճակ Ստեղծուած Է Դիրքային Առումով․ Ռուբինեան

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումէն յետոյ էականօրէն աւելի լաւ իրավիճակ ստեղծուած է դիրքային առումով, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան` անդրադառնալով անցեալ շաբաթավերջին Տեղ-Կոռնիձոր հատուածին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:

Ռուբինեան յիշեցուց, որ Արցախը Հայաստանին կապող այլընտրանքային ճանապարհը կը գործէր, մինչեւ Կոռնիձորի մօտով անցնող նոր ճանապարհը պատրաստ ըլլար: Ապրիլ 1-էն այլընտրանքային ճանապարհը դադրեցաւ գործելէ եւ գործարկուեցաւ նոր ճանապարհը, եւ քանի որ, ինչպէս ԱԺ փոխնախագահը ըսաւ, այլընտրանքային ճանապարհը մինչ այդ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքոյ էր, սահմանի Տեղ-Կոռնիձոր հատուածին ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, ո՛չ միւս կողմէ դիրքեր կային եւ այդտեղ, բնականաբար, դիրքերու անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ:

ԱԺ փոխնախագահը շարունակեց, որ կար պայմանաւորուածութիւն, որ անոր մէկ հատուածին երկու կողմերէն սահմանապահներ պէտք է ըլլան, սակայն ի յայտ եկան տարընթերցումներ, որուն հետեւանքով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հինգ կէտի վրայ 300-500 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած են:

Վկայակոչելով ԱԱԾ հաղորդագրութիւնը` Ռուբինեան նշեց, որ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցի ներկայացուցիչները այդ հատուածին մէջ հանդիպած են, որուն շնորհիւ վիճակը էականօրէն բարելաւուած է` դիրքային կամ տեղակայման առումով: Ըստ Ռուբինեանի` աշխատանքները պիտի շարունակուին:

Պաքուն Մարտ 30-ին յայտարարեց, որ Լաչինի նոր ճանապարհի շահագործման հետ կապուած ատրպէյճանական զինուժը վերահսկողութեան տակ վերցուցած է շարք մը բարձունքներ, հիմնական ու օժանդակ ճանապարհներ եւ Լաչինի շրջանի Ջաղազուր եւ Զաբուխ գիւղերուն միջեւ ինկած տարածքը: Փաշինեան, սակայն, նոյն օրը, կառավարութեան նիստի ժամանակ, վստահեցուց, հայկական դիրքերու որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, ընդամէնը Հայաստան-Արցախ երթուղիի փոփոխութիւն կատարուած է:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը աւելի ուշ յայտնեց, որ Հայաստան-Արցախ նոր` Կոռնիձոր-Տեղ ճանապարհի գործարկումէն յետոյ ատրպէյճանական ուժերը այդ հատուածի առնուազն 5 կէտերու վրայ սահմանէն 100-300 մեթր առջեւ տեղակայուած են: Ընդդիմութիւնը իշխանութիւնը մեղադրեց Ատրպէյճանի զինուժի հերթական յառաջխաղացումը չկանխելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment