Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եռակողմ Յայտարարութեան Մէջ Գրեթէ Չկայ Որեւէ Դրոյթ, Որ Չի Խախտուիր Ատրպէյճանի Կողմէ. Միրզոյեան

Եռակողմ Յայտարարութեան Մէջ Գրեթէ Չկայ Որեւէ Դրոյթ, Որ Չի Խախտուիր Ատրպէյճանի Կողմէ. Միրզոյեան

by MassisPost

2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ չկայ գրեթէ որեւէ կէտ, որ Ատրպէյճանը չխախտէ․ հայկական կողմը կը հաւատայ, որ գործընկերները, միջազգային հանրութիւնը իրենց դերը պիտի խաղան` Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելով:

Այս մասին յայտնեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ռումանիոյ արտաքին գործերու նախարարին հետ հանդիպումէն յետոյ յայտարարութեան ժամանակ:

Նախարարները հանդիպման ընթացքին քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածշրջանին մէջ զարգացումները:

«Ես իմ գործընկերոջը ներկայացրեցի գոյաբանական մարտահրաւէրների եւ սպառնալիքների մասին, որոնց եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բախւում են: Ցաւօք, 2022-ի Դեկտեմբերից Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, ահաբեկումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի այլ գործողութիւնների նպատակն է ստիպել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեանը լքել իրենց տները: Ցեղային զտումների համակարգուած քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի պատասխանն է միջազգային հանրութեան կոչերին` հասցէագրելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան խնդիրը», ըսաւ Միրզոյեան:

Արտաքին գործերու նախարարը միջազգային մարմիններու կողմէ թիրախային կոչերու եւ պահանջներու հետ մէկտեղ յիշեցուց նաեւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշման մասին, որ Ատրպէյճանին կը պարտադրէ ձեռնարկել բոլոր քայլերը` ապահովելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ:

«Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան միակ բացայայտ խախտումը չէ:

Յայտարարութեան մէջ գրեթէ չկայ որեւէ դրոյթ, որը չի խախտւում Ատրպէյճանի կողմից: Հայ ռազմագերիներին շարունակաբար որպէս պատանդ պահելով, ինչպէս նաեւ պահանջելով արտատարածքային միջանցք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով` Ատրպէյճանը չի ապահովում, որ ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ` ՄԱԿ-ի փախստականների գերագոյն յանձնակատարի վերահսկողութեան ներքոյ», ըսաւ արտաքին գործերու նախարարը:

Միրզոյեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր ատելութեան խօսքը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը բարձրագոյն մակարդակներով, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր նախայարձակ գործողութիւնները`  բռնագրաւելով Հայաստանի շուրջ 150 քառ. քմ ինքնիշխան տարածք:

«Մենք հաւատում ենք, որ մեր գործընկերները, միջազգային հանրութիւնը կարեւոր դեր կ’ունենան` օգտագործելով համապատասխան գործիքներ եւ մեխանիզմներ, այդ թւում` միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելով Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ», ըսաւ Միրզոյեան:

Արտաքին գործերու նախարարը յիշեցուց, որ Հայաստանը կը վերահաստատէ  Ատրպէյճանի հետ կառուցողական երկխօսութեան պատրաստակամութիւնը` ատելութեան խօսքէ, նախապայմաններէ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ զերծ մթնոլորտի մէջ` ձգտելով  հասնելու կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան Հարաւային Կովկասի մէջ:

Հայաստանը ուժեղ քաղաքական կամք ունի` տարածաշրջանին մէջ հասնելու խաղաղութեան եւ կայունութեան: Միրզոյեան ընդգծեց, որ չնայած բոլոր դժուարութիւններուն` Հայաստանը կը շարունակէ Ատրպէյճանի հետ երկխօսութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment