Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Տարաձայնութիւն Յառաջացնելու Բոլոր Փորձերը Անարդիւնաւէտ Են. Ռուսիոյ ՆԳ Նախարար

Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Տարաձայնութիւն Յառաջացնելու Բոլոր Փորձերը Անարդիւնաւէտ Են. Ռուսիոյ ՆԳ Նախարար

by MassisPost

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տարաձայնութիւն յառաջացնելու անբարեացակամ երկիրներու որեւէ փորձ արդիւնք պիտի չունենայ, եւ երկու երկիրներու իրաւապահ գերատեսչութիւններուն համագործակցութիւնը պիտի զարգանայ, կը հաղորդէ Ռուսիոյ Ներքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի կեդրոնը` յղում ընելով գերատեսչութեան ղեկավար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւի խօսքերուն:

Քոլոքոլցեւը Մոսկուայի մէջ հանդիպած է Հայաստանի ներքին գործերու նախարար Վահէ Ղազարեանին:

«Վլատիմիր Քոլոքոլցեւը վստահութիւն յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ տարաձայնութիւն յառաջացնելու անբարեացակամ երկիրներու բոլոր փորձերը պիտի մնան ապարդիւն, իսկ ներքին գործերու նախարարութիւններուն փոխգործակցութիւնը պիտի զարգանայ` ի շահ երկու պետութիւններու ժողովուրդներուն»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Միաժամանակ, ռուսական գերատեսչութեան ղեկավարը իր գործընկերոջ ուշադրութիւնը հրաւիրած է «աշխարհակարգի բազմաբեւեռ համակարգի ձեւաւորման դժուարին պատմական ժամանակաշրջանին վրայ»:

««Հաւաքական Արեւմուտքի»` մեր երկրին դէմ ուղղուած հիպրիտային դիմակայութեան գործիքներէն մէկը յետխորհրդային տարածքի պետութիւններուն մէջ ռուսավախ տրամադրութիւններու արմատաւորումն է», նշած է մամուլի կեդրոնը:

Աւելին, Քոլոքոլցեւը նշած է ՀԱՊԿ ձեւաչափով հայ գործընկերներու հետ աշխոյժ փոխգործակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment