Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առաջին Ատեանի 220 Դատաւորներու Աշխատավարձերը Պիտի Բարձրանան

Առաջին Ատեանի 220 Դատաւորներու Աշխատավարձերը Պիտի Բարձրանան

by MassisPost

ՀՀ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը` առաջնորդուելով Դատաիրաւական բարեփոխումներու 2022-2026 թուականներու ռազմավարութեամբ, ելլելով դատաւորի անկախութիւնը երաշխաւորելու եւ Առաջին Ատեանի դատարաններու դատաւորներու առկայ թափուր պաշտօնները համալրելու նպատակներէն, ինչպէս նաեւ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներու համար գրաւչութիւն ապահովելու անհրաժեշտութենէն, մշակած է նախագիծ, որով կը նախատեսուի Առաջին Ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան` քրէական, քաղաքացիական, վարչական եւ սնանկութեան բոլոր դատարաններու` 220 դատաւորներու աշխատավարձերի յաւելում` պաշտօնային դրոյքաչափի 60 տոկոսի չափով, հաւասարելով` Հակափտածութեան Դատարանի դատաւորներու աշխատավարձերուն: Այս մասին յայտնած են Արդարադատութեան Նախարարութենէն:

Վերջին տարիներուն Առաջին Ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան եւ մասնագիտացուած` վարչական եւ սնանկութեան դատարաններուն մէջ, գործերու քանակի շարունակական աճը յանգեցուցած է նշուած դատարաններու դատաւորներու գերծանրաբեռնուածութեան, ինչի պատճառով յառաջացած է տուեալ դատաւորներու աշխատավարձերու վերանայման անհրաժեշտութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment