Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ Յանձնաժողովը Բացասական Եզրակացութիւն Տուաւ Սեդա Սաֆարեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Հարցով ՍԴ Դիմելու Նախագիծին

ԱԺ Յանձնաժողովը Բացասական Եզրակացութիւն Տուաւ Սեդա Սաֆարեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Հարցով ՍԴ Դիմելու Նախագիծին

by MassisPost

Սահմանադրական Դատարանի դատաւոր Սեդա Սաֆարեանին վերաբերող «Հայաստան» խմբակցութեան որոշման նախագիծը  բացասական եզրակացութեան արժանացաւ խորհրդարանի Պետաիրաւական Հարցերու Յանձնաժողովին մէջ: Հարցը մէկն էր` կո՞ղմ են, որ խորհրդարանը դիմէ ՍԴ` քննելու դատաւորին լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցը:

Անցեալ տարի իշխանական խմբակցութեան ձայներով Սահմանադրական Դատարանի դատաւոր ընտրուած Սաֆարեանը, ըստ ընդդիմութեան եւ խումբ մը փաստաբաններու, զբաղած է բարձր դատարանի դատաւորի պաշտօնի հետ անհամատեղելի գործունէութեամբ` ձեռնարկատիրութեամբ:

Մինչեւ քուէարկութիւնը, որով որոշման նախագիծը արժանացաւ բացասական եզրակացութեան, անոր հեղինակը` ընդդիմադիր պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը կրկին հնչեցուց իրենց տեսակէտը` Դեկտեմբեր 16-ին Սահմանադրական Դատարանի լիազօրութիւնները ստանձնած Սեդա Սաֆարեանը դատաւորի պաշտօնին եղած ժամանակ զբաղած է փաստաբանութեամբ եւ մինչեւ Յունուար 27 պետական արձանագրութեան մէջ ունեցած է անհատ ձեռնարկատէրի կարգավիճակ, իսկ այդ կը նշանակէ, որ զբաղած է ձեռնարկատիրութեամբ` անկախ անկէ, որ վճարովի՞, թէ՞ անվճար ծառայութիւն մատուցած է:

Մինչդեռ Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքը բարձր դատարանի դատաւորին կ’արգիլեն զբաղիլ նման գործունէութեամբ, գործընկերներուն կը ներկայացնէր Արծուիկ Մինասեանը ու կը պնդէր, թէ որպէսզի հարցը յստակացուի, պէտք է դիմել Սահմանադրական Դատարան, որուն կը պատկանի վերջին խօսքը այս հարցով. «Որպէս անհատ ձեռնարկատէր հաշուառուած լինելու պահից մինչեւ անհատ ձեռնարկատիրոջ կարգավիճակի դադարեցման պահը համարւում է, որ անձը զբաղւում է ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ: Աւելին, ձեռնարկատիրական գործունէութեան զբաղուելու փաստն ապացուցելու համար ինքնին բաւարար եւ հաստատուած հանգամանք է համարւում Արդարադատութեան նախարարութեան իրաւաբանական անձանց պետական ռեգիստրում հաշվառուած լինելը»:

Այս հարցե ի յայտ եկաւ, երբ Փետրուարի սկիզբը որոշ լրատուամիջոցներ գրեցին, թէ Սաֆարեանը դատաւորի լիազօրութիւնները ստանձնելէ յետոյ փաստաբանական դիմում ներկայացուցած Վերաքննիչ Դատարան: Ինքը` Սեդա Սաֆարեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին չէր հերքած, որ ՍԴ դատաւորի կարգավիճակով դիմած է Վերաքննիչ, բայց շեշտած էր, որ այդ ոչ թէ նոր բողոք է, այլ մինչեւ դատաւորի լիազօրութիւնները ստանձնելը ներկայացուցած բողոքի շարունակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment