Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Օնիկ Գասպարեանը Կրկին Մասնակցած Է 44-Օրեայի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստին

Օնիկ Գասպարեանը Կրկին Մասնակցած Է 44-Օրեայի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստին

by MassisPost

Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Օնիկ Գասպարեանը կրկին մասնակցած է 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողովի նիստին, «Ազատութեան» փոխանցեց յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը:

Նիստն ընթացած է փակ դռներու ետին:

Նիստէն յետոյ Քոչարեան ըսած է, որ քննարկած են բոլոր մանրուքները, սկսած` պատերազմէն առաջ բանակի վիճակէն, մինչեւ սպառազինութեան, անձնակազմի համալրման, աշխարհազօրի ըլլալ-չըլլալու հարցեր: Քննիչ Յանձնաժողովի ղեկավարը դրուատանքի խօսքեր հնչեցուց Օնիկ Գասպարեանի հասցէին, նաեւ ըսաւ, որ ոեւէ մէկը անոր չափ աւանդ ունի Զինուած Ուժերուն մէջ, գիտելիքներով ալ չի կրնար մրցիլ:

Գասպարեանը 2020-ի Նոյեմբեր 17-ին յայտնած էր, որ պատերազմին 4-րդ օրը Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին ներկայացուցած է հայկական կողմին կորուստները եւ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ Զինուած Ուժերուն գնահատականը եւ առաջարկած է երկու-երեք օրուան ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկել` պատերազմը կանգնեցնելու համար: Օնիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութենէն յետոյ իշխանութիւնները, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, հերքեցին որ բանակին ղեկավարը առաջարկած է անյապաղ կանգնեցնել պատերազմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment