Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միասին Աշխատելով Կրնանք Հայաստանը Բերել Նոյնիսկ Աւելի Լաւ Մակարդակի. ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպան

Միասին Աշխատելով Կրնանք Հայաստանը Բերել Նոյնիսկ Աւելի Լաւ Մակարդակի. ԱՄՆ Նորանշանակ Դեսպան

by MassisPost

ՀՀ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նորանշանակ դեսպան Քրիսթինա Քվինը:

Նախագահն ու դեսպանը քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ հարցեր: Այս ծիրին մէջ նախագահ Խաչատուրեան ներկայացուցած է հարեւաններուն հետ խաղաղ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի դիրքորոշումն ու մօտեցումները:

Նախագահը նաեւ կարեւորած է ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ. «Մենք վերջին երկու տարիներին շատ դժուար ժամանակներ ենք անցկացրել, եւ դուք միշտ մեր կողքին էք եղել: Համոզուած եմ, որ Ձեզ հետ եւս կը շարունակենք բոլոր նախատեսուած ծրագրերի իրականացումը»:

Դեսպան Քրիսթինա Քվինը հաւաստիացուցած է, որ Միացեալ Նահանգները ամբողջութեամբ յանձնառու է շարունակելու սերտ յարաբերութիւնները եւ աշխատելու Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ` Հայաստանի մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն, բարգաւաճում հաստատելու նպատակով:

«Ես լաւատես եմ: Չնայած գիտեմ, որ դժուարին, մարտահրաւէրներով լի ժամանակաշրջան է, ես լաւատես եմ, որ միասին աշխատելով մենք կրնանք Հայաստանը բերել նոյնիսկ աւելի լաւ մակարդակի, ինչպէս նաեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները աւելի լաւ մակարդակի բարձրացնել: Կ’ակնկալեմ աշխատիլ Ձեր հետ յառաջիկայ օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն` ընդլայնելու մեր բոլոր համատեղ աշխատանքները` ըլլան անոնք ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան, պաշտպանութեան կամ այլ ոլորտներու ծիրին մէջ, որպէսզի ընենք այն ամէնը, ինչ կրնանք մեր համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար», ընդգծած է դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment