Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետն Ու ԵՄ Քաղաքացիական Գործողութիւններու Հրամանատարը Անդրադարձած Են Հայաստանի Մէջ Իրականացուելիք Աշխատանքներուն

ՀՀ Վարչապետն Ու ԵՄ Քաղաքացիական Գործողութիւններու Հրամանատարը Անդրադարձած Են Հայաստանի Մէջ Իրականացուելիք Աշխատանքներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործողութիւններու Ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար Սթեֆանօ Թոմաթը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էր նաեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր մշտադիտարկման առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը:

Վարչապետը ողջունած է Հայաստանի մէջ ԵՄ երկարաժամկէտ քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը եւ ընդգծած, որ այն նպաստ պիտի բերէ տարածաշրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման:

ԵՄ քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատարը երախտագիտութիւն յայտնած է հայկական կողմին` առաքելութեան ցուցաբերած օժանդակութեան համար եւ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքներուն:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են ԵՄ քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան վերաբերող հարցերու եւ համագործակցութեան օրակարգին շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment