Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լաչինի Միջանցքի Կարգաւորումներու Վերաբանակցումը Հայաստանի Համար Ընդունելի Չէ. Միրզոյեան

Լաչինի Միջանցքի Կարգաւորումներու Վերաբանակցումը Հայաստանի Համար Ընդունելի Չէ. Միրզոյեան

by MassisPost

Լաչինի միջանցքի կարգաւորումներու վերաբանակցումը Հայաստանի համար ընդունելի չէ, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը` պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութեան, թէ միւնիխեան հանդիպման ժամանակ հայկական կողմին առաջարկած են անցակէտեր դնել, ինչպէս ըսած էր` «Զանգեզուրի միջանցք»ին սկիզբը եւ վերջը, նաեւ` Լաչինի ու Հայաստանի միջեւ: Իսկ ճանապարհները, ըսաւ Միրզոյեան, կարելի է վայրկեան առաջ ապաշրջափակել, եթէ կողմերը ընդունին, որ անոնք, նաեւ` երկաթուղայինը, պէտք է գործեն այն երկիրներու օրէնսդրութեան ներքոյ, որոնց տարածքով կ’անցնին:

Միրզոյեան բացառեց ուժի կիրառմամբ ու նոր ուժի սպառնալիքներու ներքոյ նախկին պայմանաւորուածութիւնները փոխելը: Ան այս նախայարձակ քաղաքականութիւն որակեց:

«Իսկապէս այդպիսի գաղափար հնչեցուել է անցակէտեր դնել Հայաստանի սահմանին եւ այն հատուածում, որտեղ սկսւում է Լաչինի միջանցքը, բայց մեր պատասխանը միանշանակ է: Լաչինի միջանցքի կարգաւորումները բանակցուած են, ստորագրուած են, այդ թւում` Ատրպէյճանի նախագահի կողմից. ես խօսում եմ Նոյեմբերի 9-ի փաստաթղթի մասին, եւ Լաչինի միջանցքի կարգաւորումների վերաբանակցում, ընդ որում կրկին, այսպէս, ուժի գործադրման արդիւնքում եւ նոր ուժի գործադրման սպառնալիքով մեզ համար ակնյայտօրէն ընդունելի չի», ընդգծեց Հայաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Արարատ Միրզոյեան հաստատեց, որ Ատրպէյճանի ակնկալիքն է բանալ Լաչինը` այլ միջանցք ստանալու դիմաց: Իշխանական «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւոր Գագիկ Մելքոնեան ըսած էր, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն պահանջած է Լաչինը բանալու դիմաց այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» տալ: «Ազատութիւն»ը Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարէն հետաքրքրուեցաւ, թէ նման պահանջք հնչա՞ծ է: Միրզոյեանը յղում ըրաւ վերլուծութիւններուն:

«Վերլուծելիս մենք կարող ենք տեսնել այս ատրպէյճանական գիծը, ըստ էութեան, ակնկալիքը բացել Լաչինի միջանցքը մէկ այլ համարժէք միջանցք ստանալու շուրջ: Եւ այս պատմութիւնը եւս նոր չէ, եւ մեր դիրքորոշումն էլ այս պատմութեան առնչութեամբ նոր չէ, որ ես պէտք է հնչեցնեմ»,  ըսաւ Արարատ Միրզոյեան:

Հայաստանի արտաքին գործեորւ նախարարին խօսքով` Միւնիխի մէջ Ատրպէյճանէն հաւաստիացումներ ստացած են, որ Պաքուի ու Ստեփանակերտի միջեւ «միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւնը» պէտք է տեղի ունենայ: Բայց ան իր լաւատեսութեան մէջ ժուժկալ էր:

Արարատ Միրզոյեան շրջանցեց Ալիեւի դրած պայմանը, որ այդ խօսակցութիւնը կրնայ տեղի ունենալ մէկ պարագայի, երբ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը հեռանայ. «Պլինքըն-Ալիեւ-Փաշինեան ձեւաչափի քննարկումների ընթացքում, մենք ստացել ենք ատրպէյճանական կողմի պատրաստակամութեանը եւ հաւաստիացումն այն մասին, որ այդ քննարկումները, այդ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւնը Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ պէտք է տեղի ունենայ: Միւս կողմից մենք այս վերջին տարիների ընթացքում շարունակաբար տեսել ենք, որ ձեռք են բերւում պայմանաւորուածութիւններ, տրւում են հաւաստիացումներ, խոստումներ, յետոյ տեսնում ենք նահանջ այս դիրքորոշումներից, ընդհուպ մինչեւ, քիչ առաջ խօսում էինք Նոյեմբերի 9-ի փաստաթղթից, ստորագրուած եւ հանրայայտ պայմանաւորուածութիւններից: Յուսամ այս անգամ այդ դէպքը չի լինի, եւ կրկին նոյն վարքագիծը չենք տեսնի»:

Արտաքին գործերու նախարարը Լիւքսեմպուրկի իր գործընկերը ընդունած էր, որմէ յետոյ երկուքն ալ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն: Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակում, հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններ եւ 2 օր առաջ Հայաստանի մէջ ԵՄ երկարաժամկէտ առաքելութեան տեղակայում, այս հարցերուն անդրադարձան:

Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործերու նախարար Ժան Ասելպորն որեւէ պատճառ չէր տեսներ, թէ ինչո՞ւ պէտք է փակ պահել Հայաստանի հետ կապը ապահովող Լաչինի միջանցքը:

Ըստ Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործերու նախարարին, ԵՄ առաքելութիւնը պիտի ամրապնդէ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները, պիտի նուազեցնէ սահմանային միջադէպերը. «Լիւքսեմպուրկը նոյնպէս անդամ ունի առաքելութեան մէջ, շատ փորձառու ոստիկան, որ պատրաստ է օգնելու այս շատ կարեւոր առաքելութեան»:

Ժան Ասելպորնը դիւանագէտի համար անսովոր անկեղծ էր Ատրպէյճանի հետ եւրոպական կազային համաձայնագրին վերաբերող հարցումին պատասխանելու ժամանակ: Կարծիքներ կան, որ Եւրոմիութիւնը անոր դիմաց աչք կը փակէ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներուն վրայ:

«Ռուս-ուքրանական պատերազմի սկզբէն ի վեր Եւրոպան նոր ուժանիւթային աղբիւրներու կարիք ունի, ես Ձեզի հետ համաձայն եմ, մենք չենք կրնար վաճառել մեր հոգին կազ կամ քարիւղ ունենալու համար: Պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնենք, որ չյայտնուինք այլ երկրէ կախուածութեան մէջ, ուր մարդու իրաւունքները առաջնահերթութիւն չեն», ըսաւ Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործերու նախարարը:

Առաջին տարեդարձի նախօրէին, Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործերու նախարարը չշրջանցեց ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը: Շեշտեց, որ կը գնահատեն Հայաստանի չէզոք դիրքորոշումը, որ չի նոյնականացուիր Ուքրանիոյ դէմ ռուսական յարձակման հետ: Խրախուսեց Հայաստանը գոնէ պահպանել այս դիրքորոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment