Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարիա Զախարովան Անդրադարձած Է Հայաստանի Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ ԵՄ Քաղաքացիական Դիտորդական Առաքելութեան

Մարիա Զախարովան Անդրադարձած Է Հայաստանի Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ ԵՄ Քաղաքացիական Դիտորդական Առաքելութեան

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան անդրադարձած է Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ԵՄ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան աշխատանքներու մեկնարկին` պատասխանելով լրագրողի հարցումին:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ լրագրողը հնչեցուցած է հետեւեալ հարցը. «Փետրուար 20-ին Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը սկսած է իր աշխատանքը: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին»:

«Ընդգծելով նոր առաքելութեան բացառապէս քաղաքացիական բնոյթը` Եւրոմիութեան ներկայացուցիչները անազնիւ են: Այն կը ծաւալի ԵՄ ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շուրջ, հետեւաբար անհրաժեշտ է համապատասխանաբար վերաբերիլ անոր: Աւաղ, առաջին անգամ չէ, որ կ’արձանագրենք ԵՄ եւ ամբողջ Արեւմուտքի` մեր դաշնակից Հայաստանի մէջ որեւէ կերպ ամրանալու ցանկութիւնը:

Այդ փորձերուն մէջ մենք կը տեսնենք բացառապէս աշխարհաքաղաքական ենթագիր, որ հեռու է Անդրկովկասի մէջ յարաբերութիւններու իրական կարգաւորման շահերէն: Ամէն ինչ կը կատարուի Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելու եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորի անոր պատմական դերը թուլցնելու համար: Այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ Պաքուի` հրապարակայնօրէն արտայայտուած բացասական գնահատականները կ’անտեսուին», պատասխանած է Զախարովան:

Զախարովայի խօսքով` տարածաշրջանային տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորման գործին մէջ Եւրոմիութեան մասնակցութեան փորձը միանշանակ չէ: «Դժուար թէ Պրիւքսէլը կարենայ պարծենալ յաջողութեամբ այս ոլորտին մէջ: Օրինակ` միջնորդական ջանքերը եւ ԵՄ առաքելութիւնը սերպական Քոսովոյի նահանգին մէջ: Սա պէտք է հաշուի առնել Հայաստանի մէջ նոր առաքելութեան վերաբերեալ ԵՄ որոշումը գնահատելու ժամանակ», նշած է ան:

Մարիա Զախարովան վստահեցուցած է, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններու փաթեթը կը մնայ տեսանելի ապագային տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հիմնական գործօնը: «Տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի բարելաւման ամենակարճ ճանապարհը կ’անցնի անոնց համապարփակ իրականացման միջոցով` ներառեալ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը, հասարակութեան, փորձագէտներու, կրօնական շրջանակներու, երկու երկիրներու խորհրդարանականներուն միջեւ կապերու հաստատումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւնները: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պատրաստ է ամէն կերպ հետագային ալ նպաստելու անոր», շեշտած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment