Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Արեւմուտքը Մեղադրած Է Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Ուղղութեամբ Ջանքերը Խաթարելու Մէջ

Մոսկուան Արեւմուտքը Մեղադրած Է Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Ուղղութեամբ Ջանքերը Խաթարելու Մէջ

by MassisPost

Արեւմտեան երկիրները խաթարած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը` ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը «աղբանոց ուղարկելով»: Այս մասին ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցին ժամանակ յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: Այսպէս ան մեկնաբանած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան յայտարարութիւնը, որ իր հերթին կը մեղադրէր Ռուսիան ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ձեւաչափին մէջ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման ուղղուած ջանքերը խաթարելու մէջ:

«Եթէ ​​ոեւէ մէկը խաթարած է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման ջանքերը, ապա այդ կատարած են իրենք` արեւմտեան երկիրները` ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ: ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ձեւաչափը պատմութեան աղբանոց ուղարկուած է այն բանէն յետոյ, երբ ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները մտացածին պատրուակով 2022-ի Փետրուարին դադրեցուցին փոխգործակցութիւնը ռուս գործընկերոջ հետ», ըսած է Զախարովան:

Դիւանագէտը նշած է, որ այդ գործողութիւններուն բացատրութիւնը չէ տրուած:

«Այդ հաշուի առնելով` մենք կեդրոնացած ենք եռակողմ ձեւաչափերու ծիրին մէջ Երեւանին եւ Պաքուին օգնութիւն տրամադրելու վրայ` հիմնուելով ամենաբարձր մակարդակով համապատասխան համաձայնագրերուն վրայ, ինչի մասին բազմիցս խօսած ենք», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցով ԱՄՆ-ի միջնորդութեան, ապա, ըստ Զախարովայի, Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը չի տեսներ, որ «այն յագեցած ըլլայ իրական քայլերով եւ որեւէ աւելցուած արժէք ունենայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment