Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Փրկարարները Աւարտած Են Իրենց Առաքելութիւնը Թուրքիոյ Մէջ

Հայաստանի Փրկարարները Աւարտած Են Իրենց Առաքելութիւնը Թուրքիոյ Մէջ

by MassisPost

Հայկական քաղաքային որոնողափրկարարական խումբը աւարտած է Թուրքիոյ Ատիյաման քաղաքին մէջ ծաւալած որոնողափրկարարական աշխատանքները: Այս մասին յայտնած է Ներքին Գործերու Նախարարութեան փրկարար ծառայութեան թելեկրամեան էջը:

Կը նշուի, որ Փետրուար 17-ին հայ փրկարարները վերադարձած են Հայաստան:

«Նրանց հայ-թրքական սահմանին՝ Մարգարայի կամրջի մօտ, դիմաւորած են ՀՀ ներքին գործերի նախարար Վահէ Ղազարեանն ու Փրկարար ծառայութեան տնօրէն Կամօ Ցուցուլեանը։ Վահէ Ղազարեանը շնորհակալութիւն է յայտնել փրկարարներին՝ կատարած աշխատանքի համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աղէտի գօտիին մէջ շուրջ 8 օր տեւած որոնողափրկարարական գործողութիւններուն շնորհիւ միջազգային որակաւորում ունեցող հայկական քաղաքային որոնողափրկարարական խումբը` համագործակցելով տեղի աջակցող եւ միջազգային այլ խումբերու հետ, փրկարարական տարբեր միջոցներու կիրառմամբ փլատակներէն դուրս բերած է 3 տուժածի եւ 10 զոհի մարմիններ, իրականացուցած է լայնածաւալ որոնողական աշխատանքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment