Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Տարածաշրջանի Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Փաշինեանն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Տարածաշրջանի Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի բացման արարողութեան:

Համաժողովին կը մասնակցին քանի մը տասնեակ երկիրներու նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ ու արտաքին գործերու նախարարներ:

Փաշինեանը արդէն քանի մը հանդիպումներ ունեցած է, այդ շարքին` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Շիա Սուտանի հետ:

Մաքրոնն ու Փաշինեանը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

Կառավարութենէն կը յայտնեն, որ Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Շիա Սուտանի հետ անոնք կարեւորած են հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին` քաղաքական եւ տնտեսական: Այդ առումով, կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու խորացման անհրաժեշտութիւնը, գործարարներու շրջանակին մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնումն ու ամրապնդումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment