Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միրզոյեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցը

Միրզոյեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցը

by MassisPost

Փետրուար 10-ին հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի միջեւ:

«Արարատ Միրզոյեան ջերմօրէն շնորհաւորած է Սերկէյ Լաւրովը դիւանագիտական ​​աշխատողի օրուան առթիւ: Նախարարները միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու շուրջ` երկուստեք տրամադրուածութիւն յայտնելով Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ:

Քննարկուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: Ռուսական կողմը ընդգծածէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին, Նոյեմբեր 26-ին եւ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնագրերու իրականացման աշխատանքներու շուտափոյթ վերսկսման կարեւորութիւնը, ներառեալ` տարածաշրջանին մէջ բոլոր փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցումը, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչներու, փորձագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ երկխօսութեան խթանումը», ըսուած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment