Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Սահմանադրութեան Փոփոխութենէն Յետոյ Ազգային Ժողովը Պիտի Ընտրէ Երկրին Նախագահը

Արցախի Մէջ Սահմանադրութեան Փոփոխութենէն Յետոյ Ազգային Ժողովը Պիտի Ընտրէ Երկրին Նախագահը

by MassisPost

Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 162-րդ յօդուածի 2-րդ մասով` Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որուն` նախաձեռնուած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթաց` ռազմական դրութեան ժամանակ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային Ազգային Ժողովին կողմէ նախագահի ընտրութեան եւ անոր առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ:

Ըստ Արցախի նախագահի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան, Փետրուար 13-ին Արցախի Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը ներկայացուած է Ազգային Ժողովի քննարկման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment