Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսա Եւ ԱՄՆ Անհրաժեշտ Կը Համարեն Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժի Վերականգնումը

Ֆրանսա Եւ ԱՄՆ Անհրաժեշտ Կը Համարեն Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժի Վերականգնումը

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոնան եւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն «անհրաժեշտ կը համարեն անյապաղ վերականգնել ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով», որ արդէն շուրջ երկու ամիսէ արգելափակուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրադրութեան ու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման ուղղուած ջանքերու մասին Քոլոնան եւ Պլինքընը խօսած են  հեռախօսազրոյցի ընթացքին:

«Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման հետեւանքով ի յայտ եկած լրջագոյն մարդասիրական հետեւանքները անընդունելի են, եւ Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները վարչապետ Փաշինեանի ու նախագահ Ալիեւի հետ շփումներու միջոցով, կը համատեղեն ջանքերը` վերջ տալու այս իրադրութեան», կ’ըսուի Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment