Home ՍՓԻՒՌՔ Տիարպեքիրի Մէջ Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսն Ու Անոր Ամուսինը Մահացած Գտած Են Փլատակներուն Տակէն

Տիարպեքիրի Մէջ Հայ Երգչուհի Զիլան Տիգրիսն Ու Անոր Ամուսինը Մահացած Գտած Են Փլատակներուն Տակէն

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած հայերու թիւին աւելցաւ նաեւ հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիսը: Տիարպեքիրի մէջ զինք եւ ամուսինը մահացած գտած են փլատակներուն միջէն: Այդ մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը հիմնուելով տիգրանակերտցի հայ երաժիշտ Ուտի Երուանդի (Երուանդ Պոսթանճեան) ֆէյսպուքեան գրառման վրայ:

Աղբիւրին համաձայն` հայ երաժիշտը իր էջով մասնաւորապէս նշած է․ «Ձեռքերս դողալով կը գրեմ․ դժբախտաբար կորսնցուցինք մեր թանկագին քոյրը` Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը: Կը ցաւակցիմ Տիարպեքիրի մէջ զայն սիրողներուն: Կորսնցուցինք մեր ձայներէն մէկը: Անոր հետ մէկ շաբաթ առաջ երկար զրուցած էի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Անպատմելի վիշտ կ’ապրիմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment