Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վիգէն Սարգսեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած Է Դատարան

Վիգէն Սարգսեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած Է Դատարան

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է եւ կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան, կը յայտնէ Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Գլխաւոր Դատախազութիւնը կը յայտնէ, որ Վիգէն Սարգսեանը 2018 թուականի Յունուարին նախարարութեան հաշուեկշիռին մէջ գտնուող, Երեւանի Գ. Հասրաթեան փողոցի թիւ 25/6 հասցէի բազմաբնակարան շէնքի բնակարաններու բաշխման գործընթացին դիտաւորութեամբ կատարած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն ակնյայտօրէն դուրս գտնուող գործողութիւններ:

Մասնաւորապէս, ըստ հաղորդագրութեան, ի պաշտօնէ տիրապետելով ՀՀ կառավարութեան` 2007 թուականի Մարտ 7-ի որոշմամբ հաստատուած նախարարութեան հաշուեկշիռին մէջ գտնուող բնակելի տարածութիւնները անհատոյց օգտագործման տրամադրելու պայմաններուն, ընթացակարգերուն ու առաջնահերթութիւններուն, «անտեսելով յիշեալ որոշմամբ հաստատուած կարգի պահանջները, նախարարութեան Կեդրոնական Բնակարանային Յանձնաժողովի անդամներուն յանձնարարած է յառաջիկայ նիստին բնակարաններ յատկացնել բնակարանային հաշուառման մէջ չգտնուող կամ ցուցակներուն մէջ աւելի ուշ ընդգրկուած իր կողմէ նախընտրած 26 զիուորներ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան համակարգի զինուոր չհանդիսացող երեք անձ»:

Բնակարաններու բաշխման գործընթացին վերաբերեալ քրէական գործը յարուցուած է 2019 թուականի Սեպտեմբերին: Պաշտպանութեան նախկին նախարարը Հայաստանի Զինուած Ուժերու եւ բանակի ղեկավարութեան վարկանիշին ուղղուած «հերթական հարուած» որակած էր զինք որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու համար բաւարար ապացոյցներու առկայութեան մասին Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment