Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորները Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցած են 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ խաղաղապահներու թելեկրամեան ալիքը:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորները «հայեր միացէք» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխած եւ Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գորրծարանին փոխանցած են 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: