Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Տեղակայումը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Որեւէ Կերպ Սթաթուս-Քօ Չ’երաշխաւորեր․ Խրուաթիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար

ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Տեղակայումը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Որեւէ Կերպ Սթաթուս-Քօ Չ’երաշխաւորեր․ Խրուաթիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար

by MassisPost

Խրուաթիոյ արտաքին գործերու նախարար Կորտան Կրլիչ Ռատմանը եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան միակարծիք են, որ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը հայ-ատրպէյճանական սահմանին մօտ կրնան լուրջ դեր ունենալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը հայ-ատրպէյճանական սահմանին մօտ եւ Եւրոմիութիւնը ընդհանրապէս կրնան որեւէ ձեւ նպաստել Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները զսպելուն եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելուն, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան դրական պատասխան տուաւ:

«Այո՛, կարծում եմ, որ Եւրոմիութիւնը, ինչպէս եւ ողջ միջազգային հանրութիւնը շատ լուրջ դեր ունի  Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքների ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման հետագայ քննարկման եւ Լեռնային Ղարաբաղի այժմեան  շրջափակման վերացման հարցում: Կրկնում եմ, որ բոլոր հարցերի լուծման ճանապարհը մէկն է` խաղաղ բանակցութիւնները, դիւանագիտական ճանապարհը, եւ այստեղ միջազգային հանրութիւնը ու մասնաւորապէս Եւրոպական Միութիւնը դեր ունեն խաղալու», ըսաւ Միրզոյեան: Խրուաթիոյ արտաքին գործերու նախարար Կորտան Կրլիչ Ռատմանը ուրախ է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը հայ-ատրպէյճանական սահմանին:

«Իսկապէս շատ կարեւոր է այս թեման, թէ ինչպէս Եւրոմիութիւնը կրնայ բոլոր ջանքերը գործադրել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանը կը ճանչնայ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը: Կը փափաքիմ տեղեկացնել, որ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան մինչեւ հարիւր անձ կը մասնակցի, եւ երկու տարի նախատեսուած է այս առաքելութիւնը իրականացնելու համար: Եւ այդ յանձնառութիւնը կրած ենք` որպէս տարածաշրջանին մէջ կայունութեան շահագրգիռ կողմ: Այս առաքելութիւնը ժամանակաւոր գործիք է հետագայ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Սա որեւէ կերպ սթաթուս-քօ չ’երաշխաւորեր», ընդգծեց Ռատման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment