Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ն Համաձայնութիւն Տուաւ Սէյրան Օհանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելուն

ԱԺ-ն Համաձայնութիւն Տուաւ Սէյրան Օհանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելուն

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընդունեց պաշտպանութեան նախկին նախարար, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին ՀՀ գլխաւոր դատախազին ներկայացուցած երեք միջնորդագրերը:

Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները յայտնեց Հաշուիչ Յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Պապայեանը:

Անոր խօսքով` միջնորդագրերէն երկուքին համար քուէարկութեան մասնակցած է ԱԺ 107 պատգամաւորներէն 68-ը, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած են: Միջնորդագրերէն միւսին քուէարկութեան մասնակցած է 66 պատգամաւոր, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած էին:

Պապայեանի խօսքով` «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան 2 պատգմաւոր չունին գաղտնիութեան թոյլտուութիւն, անոր համար չեն մասնակցած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment