Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըմբռնումով Կը Մօտենանք Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին. ՀԱՊԿ Քարտուղարութիւն

Ըմբռնումով Կը Մօտենանք Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին. ՀԱՊԿ Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի մէջ ըմբռնումով կը մօտենան  Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, որ թոյլ չի տար կայացնել ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու զօրավարժութիւնները: Այս մասին հաղորդած է ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը` մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, որ Երեւանը ստեղծուած իրավիճակին մէջ նպատակայարմար չի գտներ ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններ կայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին առնուազն այս տարի:

Մեկնաբանութեան մէջ կը նշուի, որ նախատեսուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կայացնել «Անխախտելի Եղբայրութիւն-2023» զօրավարժութիւնը ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերուն հետ` համաձայն Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդին եւ Անվտանգութեան Խորհուրդներու Քարտուղարներու Յանձնաժողովին կողմէ հաստատուած ծրագրին:

«Այս տարի հայկական հողին վրայ այս զօրավարժութիւններու կայացման անհրաժեշտութիւնը աւելի վաղ հաստատուած էր նաեւ Երեւանի մէջ: Ներկայիս ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը Կազմակերպութեան կողմէ սահմանուած կարգով հայկական կողմէ ծանուցումներ չէ ստացած այդ զօրավարժութիւններու չեղարկման մասին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Մենք ըմբռնումով կը վերաբերինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակին, որ չի կրնար թոյլ տալ այս տարի լիարժէք իրականացնել նախատեսուող ՀԱՊԿ զօրավարժութիւնները», յաւելած է ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան` ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը եւ Միացեալ Շտաբը կը գործադրեն բոլոր ջանքերը, որպէսզի կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններուն կողմէ հաստատուած Զօրքերու (Հաւաքական ուժերու) մարտական ​​պատրաստութեան ծրագիրները ամբողջութեամբ իրականացուին` անոնց պատրաստութեան բարձրացման համար` ի շահ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անվտանգութեան ապահովման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment