Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տարօն Մարգարեանին Գոյքի Բռնագանձման Պահանջ Ներկայացուած Է

Տարօն Մարգարեանին Գոյքի Բռնագանձման Պահանջ Ներկայացուած Է

by MassisPost

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջած է դատարանէն բռնագանձել Երեւանի նախկին քաղաքապետ, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Մարգարեանէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած վեց անձէ: Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է այս հայցադիմումը, կը յայտնեն Դատախազութենէն:

Ըստ Դատախազութեան հաղորդագրութեան` բռնագանձման ենթակայ է Երեւանի մէջ գտնուող վեց բնակելի տուն, մէկ հասարակական նշանակութեան տարածք, Ջերմուկի մէջ գտնուող մէկ ամառանոց, երկու փոխադրութեան միջոց, Երեւանի մէջ գտնուող մէկ անշարժ եւ երեք շարժական գոյքերու միջին շուկայական արժէքներ եւ այլն:

Սա ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ քսանչորսերորդ հայցադիմումն է:

Գլխաւոր Դատախազութիւնը նախորդ ամրան ծանուցագիր ուղարկած է Երեւանի նախկին քաղաքապետին` տեղեկացնելով, որ իր ու իր հարազատներուն պատկանող գոյքի ծագման օրինականութիւնը ուսումնասիրած են, կազմած են ամփոփագրեր: Իրաւապահները կը համարեն, որ Տարօն Մարգարեանը իր ունեցուածքին մէկ մասը ապօրինի ձեռք բերած է:

44-ամեայ Մարգարեանը որպէս պատգամաւոր 2021-ին յայտարարագրած է 1 շինութիւն Վայոց Ձորի մարզին մէջ, 2007 թուականի արտադրութեան «Մերսետես» ինքնաշարժ, 44 հազար տոլար, 45.000 եւրօ, 420 հազար ռուպլի, 89 միլիոն դրամ: Նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի որդին 23 տարեկանէն զբաղեցուցած է տարբեր պետական պաշտօններ եւ իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած է 2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ:

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդած Հանրապետական Կուսակցութեան Գերագոյն Մարմինի անդամը Երեւանը ղեկավարած է 7 տարի: Յեղափոխութենէն յետոյ անոր մեղադրանք առաջադրեցին պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment