Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փեսքով Կը ՎերահաստատԷ` Սան Փեթերպուրկի Մէջ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ

Փեսքով Կը ՎերահաստատԷ` Սան Փեթերպուրկի Մէջ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Նախատեսուած Չէ

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ զրոյցին վերահաստատած է նախապէս հնչած տեղեկատուութիւնը, որ Սան Փեթերպուկի մէջ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովի ծիրին մէջ Վլադիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ բանակցութիւններ նախատեսուած չեն:

«Այդ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովի ընթացքին, սակայն, երկկողմ շփումներ, ի հարկէ, պիտի ըլլան», ատրպէյճանական «АPA» գործակալութեան փոխանցմամբ` ըսած է Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Վերջին անգամ Փութինը, Ալիեւն ու Փաշինեանը եռակողմ ձեւաչափով հանդիպած են Հոկտեմբերի վերջը, Սոչիի մէջ: Դեկտեմբեր 9-ին Պիշքեքի մէջ ԵԱՏՄ գագաթաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահը առանձին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ:

Նախապէս Փեսքով յայտնած էր, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները հնարաւորութիւն պիտի ունենան խօսելու Սան Փեթերպուրկի մէջ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովի շրջանակին մէջ, սակայն յստակ պայմանաւորուածութիւններ այս հարցով չկան:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment