Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի մէկ բեռնատարը Հայաստանէն մօտ 10 թոն բեռ հասցուցած է Արցախ, յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի ԿԽՄԿ առաքելութեան տեղեկատուութեան բաժնի պատասխանատու Էթերի Մուսայէլեանը:
Այն ներառած է մանկական սնունդ, դեղորայք եւ սննդամթերք առողջապահական հաստատութիւններուն համար:
Բացի այդ, Կարմիր Խաչը Արցախէն տարհանած է 4 օտարերկրեայ քաղաքացի, որոնք քրոնիկ առողջական խնդիրներ ունին եւ կը պատրաստուին մեկնելու իրենց երկիրներ, տեղեկացուց Էթերի Մուսայէլեանը: