Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գրիգոր Մինասեան Նշանակուեցաւ Արդարադատութեան Նախարար

Գրիգոր Մինասեան Նշանակուեցաւ Արդարադատութեան Նախարար

by MassisPost

Գրիգոր Մինասեան նշանակուեցաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար: Հրամանագրին բնագիրը տեղադրուած է նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ:

Մինասեանը, որ արդարադատութեան նախարարի տեղակալն էր, պաշտօնէն ազատուեցաւ վարչապետին որոշմամբ:

Արդարադատութեան նախկին նախարար Կարեն Անդրէասեանը պաշտօնէն ազատուած էր այս տարուան Հոկտեմբերի սկիզբը, ապա ընտրուած է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի (ԲԴԽ) անդամ, զայն առաջադրած էր իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Մէկ օր անց, Խորհուրդին մէջ կայացած գաղտնի քուէարկութեամբ, Անդրէասեանը ընտրուեցաւ ԲԴԽ նախագահ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment