Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սալիվան Կոչ Ըրած Է Լիարժէք Վերականգնելու Ազատ Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

Սալիվան Կոչ Ըրած Է Լիարժէք Վերականգնելու Ազատ Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով

by MassisPost

ԱՄՆ մտահոգուած է Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի արգելքներով եւ կոչ կ’ընէ լիարժէք վերականգնել ուտեղաշարժը:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիէանի` Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի Արտաքին Յարաբերութիւններու Վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւի հետ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցներու բերումով:

«Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվան առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի Արտաքին Յարաբերութիւններու Վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Հեռախօսազրոյցներու ընթացքին անոնք ամփոփեցին Ուաշինկթընի մէջ Սեպտեմբեր 27-ին կայացած իրենց համատեղ հանդիպումէն յետոյ ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ տեղ գտած յառաջընթացը: Բոլորը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը բանակցային գործընթացին, որուն նպատակը խաղաղութեան համաձայնագրի ամբողջականացումն է», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին Ճէյք Սալիվանը երկու կողմին ալ յորդորած է դիտարկել քայլեր, որոնք պիտի մեղմեն լարուածութիւնը եւ հիմքեր պիտի նախապատրաստեն ապագայ բարիդրացիական յարաբերութիւններու համար:

«Պարոն Սալիվան փաստեց, որ այս պահուն կը շարունակենք մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի արգելքներով եւ այդ իրավիճակէն բխող հետզհետէ ծանրացող մարդասիրական հետեւանքներով եւ կոչ ըրաւ լիարժէք վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Դեկտեմբեր 22-ին ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին վերաբերեալ, որու ծիրին մէջ զրուցակիցները ընդգծած են իրադրութեան շուտափոյթ հանգուցալուծման կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment