Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Գտնեն Կարգաւորման Ուղիներ. Սերկէյ Լաւրով

Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Գտնեն Կարգաւորման Ուղիներ. Սերկէյ Լաւրով

by MassisPost

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է երկխօսութեան հնարաւորութիւններ եւ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու ուղիներ փնտռեն: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ Մոսկուայի մէջ իր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին:

«Հաւանութեան արժանացած են չորս եռակողմ յայտարարութիւններ, որոնց վրայ աշխատանք կը տարուի, բայց, ի հարկէ, լաւ պիտի ըլլար արագացնել այդ աշխատանքը: Եւ ինչ հարցեր ալ ծագին այնտեղ, ես համոզուած եմ, որ աւելի եւս անհրաժեշտ է պարբերաբար հանդիպիլ, պայմանաւորուիլ, ամրապնդել վստահութիւնը եւ հող նախապատրաստել բոլոր հարցերու կարգաւորման համար», ըսած է Ռուսիոյ դիւանագիտական ​​գերատեսչութեան ղեկավարը:

Լաւրով ափսոսանք յայտնած է արտաքին գործերու նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն հրաժարելու` հայկական կողմի որոշման մասին:

«Այսօր մենք պայմանաւորուած էինք մեր տարածքին մէջ կայացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումը` շարունակելու խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումը: Մենք կը պատրաստուէինք այս իրադարձութեան, բայց, ցաւօք, վերջին պահուն մեր հայ գործընկերները հրաժարեցան գալէ Մոսկուա` այդա բացատրելով այնտեղ տիրող իրավիճակով: Ցաւալի է, որ նման հնարաւորութիւնը բաց թողեցին», ըսած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment