Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԽ Քարտուղարը ԱՄՆ Նախագահի Ազգային Անվտանգութեան Հարցերով Խորհրդականին Ներկայացուցած Է Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամային Իրավիճակը

ՀՀ ԱԽ Քարտուղարը ԱՄՆ Նախագահի Ազգային Անվտանգութեան Հարցերով Խորհրդականին Ներկայացուցած Է Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամային Իրավիճակը

by MassisPost

ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց ունեցածփ է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ:

Արմէն Գրիգորեանը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին վերաբերեալ, որու ծիրին մէջ զրուցակիցները ընդգծած են իրադրութեան շուտափոյթ հանգուցալուծման կարեւորութիւնը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շուրջ աշխատանքներու շարունակումը:

Կողմերը բարձր գնահատած են ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացման աշխուժութիւնը եւ կարեւորած են անոր շարունակականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment