Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մեր Դիրքորոշումը Նոյնն Է` Ատրպէյճանի Զօրքերը Պէտք Է Ետ Քաշուին ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքէն. Փաշինեան

Մեր Դիրքորոշումը Նոյնն Է` Ատրպէյճանի Զօրքերը Պէտք Է Ետ Քաշուին ՀՀ Ինքնիշխան Տարածքէն. Փաշինեան

by MassisPost

Կառավարութեան հերթական նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի ճգնաժամին եւ Ատրպէյճանի փորձերուն` Հայաստանը մեղադրելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ, ընդգծեց. «Նման փորձերը սին են եւ հիմնազուրկ, եւ այս թեմային ես բազմիցս եմ անդրադարձել»:

Ի յաւելումն` վարչապետը ըսաւ, որ Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իր առաջարկները. «Մենք պատրաստ ենք ստորագրել այդ բովանդակութեամբ պայմանագիրը: Յոյս ունեմ` Ատրպէյճանի արձագանգը նոյնպէս դրական կը լինի»:

«Հայկական կողմը դեռեւս ամիսներ առաջ Ատրպէյճանին է փոխանցել սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով հետագայ աշխատանքների հետ կապուած իր առաջարկները, սակայն մինչ օրս պատասխան չենք ստացել: ՀՀ-ն Ատրպէյճանին է փոխանցել տարածաշրջանային հածորդակցութիւնների վերաբացման վերաբերեալ իր առաջարկները եւ պատրաստ է այդ ճանապարհով գնալ հարցի անյապաղ լուծման: Այդ առաջարկները ներառում են նաեւ ՀՀ բռնագրաւուած տարածքների խնդրի լուծումը: Մեր դիրքորոշումը շարունակում է մնալ նոյնը` Ատրպէյճանը պէտք է դադարեցնի ՀՀ ինքնիշխան տարածքների բռնագրաւումը, եւ նրա զօրքերը պէտք է հետ քաշուեն ՀՀ ինքնիշխան տարածքից», ընդգծեց վարչապետը:

Կառավարութեան հերթական նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ նախորդ շաբթուընէ ի վեր Լաչինի ճգնաժամը չէ հանգուցալուծուած` բացառութեամբ բնական կազի մատակարարման:

«Ատրպէյճանի կողմից Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ում մարդասիրական իրադրութիւնը մնում է ծայրայեղ լարուած. հարիւրաւոր ընտանիքներ շարունակում են կիսուած մնալ` ակամայ յայտնուած լինելով շրջափակման տարբեր կողմերում», նշեց վարչապետը եւ յաւելեց, որ ԼՂ-ի մէջ շարք մը ապրանքներու շարքին նաեւ պարէնի բաց կը նկատուի:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` Ատրպէյճանը կոպտօրէն կը խախտէ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները:

Վարչապետը յիշեցուց, որ ըստ այդ յայտարարութեան 6-րդ կէտին` Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան ներքոյ, իսկ Ատրպէյճանը կ’երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը. «Այս դրոյթը փաստացի չի իրագործւում: Տէ ֆաքթօ ստացւում է, որ եռակողմ յայտարարութեամբ արձանագրուած պարտաւորութիւնը, այն է` վերահսկողութեան տակ պահել Լաչինի միջանցքը, չի կատարում նաեւ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment