Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մայիսին Գեղարքունիք Ատրպէյճանական Ներխուժման Գործով Կալանաւորուած Է Բարձրաստիճան Զինուորական Մը

Մայիսին Գեղարքունիք Ատրպէյճանական Ներխուժման Գործով Կալանաւորուած Է Բարձրաստիճան Զինուորական Մը

by MassisPost

Անցեալ տարուան Մայիսէն յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ օրերս կալանաւորուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն հրամանատար մը` անգործութեան մեղադրանքով, որուն հետեւանքով ատրպէյճանցիները անցեալ տարուան Մայիս 12-ին մտած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք:

Մինչ իրաւապահները բարձաստիճան զինուորականին անունը չեն նշեր, այն արագ գաղնազերծուեցաւ մամուլի մէջ, խօսքը 2-րդ բանակային ստորաբաժանման նախկին հրամանատար, զօրավար Արայիկ Յարութիւնեանի մասին է:

«Մեղադրուող անձը, ունենալով մարտական հերթապահութեան վերաբերեալ որոշումներ ընդունելու, առաջադրանքներ տալու եւ դրանց կատարումը վերահսկելու պարտաւորութիւն, 2021 թուականի Ապրիլի 15-ին տեղեկանալով, որ իր կողմից դեռ 10 օր առաջ արձակուած հրամանի պահանջները չեն կատարուել, որեւէ միջոց չի ձեռնարկել հրամանի պահանջների կատարումն ապահովելու ուղղութեամբ», յայտնած է Գլխաւոր Դատախազութիւնը, ապա մանրամասնած է, որ խօսքը Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա, Կութ ու Նորաբակ համայնքներուն ուղղութեամբ անցեալ տարի Մայիսին ատրպէյճանական ներխուժման մասին է:

Այս տարածքին մէջ, ըստ մեղադրանքին, «զօրամասի հրամանատարին անգործութեան հետեւանքով սահմանուած չէ եղած մարտական հերթապահութիւն»: Անցեալ տարուան գարնան ատրպէյճանական զինուժը յառաջ եկած էր մէկ անգամէն քանի մը ուղղութիւններով` Սիւնիքի Սեւ լիճի եւ Գեղարքունիքի Վարդենիսի գիւղերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment