Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութեան Վերադարձը Կրնամ Գնահատել Մանտաթներէն Չզրկուելու, Բացականեր Չստանալու, Աշխատավարձը Չկորսնցնելու Համար Կատարուած Քայլ. Արթուր Յովհաննիսեան

Ընդդիմութեան Վերադարձը Կրնամ Գնահատել Մանտաթներէն Չզրկուելու, Բացականեր Չստանալու, Աշխատավարձը Չկորսնցնելու Համար Կատարուած Քայլ. Արթուր Յովհաննիսեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի աշխատանքներուն վերադառնալու մասին յայտարարած ընդդիմադիր պատգամաւորները եկան, Աժ-ի մէջ ներկայացուած առաջին նախագիծին դէմ քուէարկեցին եւ լքեցին նիստերու դահլիճը` փաստացի չմասնակցելով ԱԺ նիստին: Այնուհետեւ, անոնցմէ մի քանին վերադարձան` յայտարարութեամբ հանդէս գալու համար:

Այս առնչութեամբ Civic.am-ը զրուցած է ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանի հետ:

«Ես այս քայլը կարող եմ գնահատել  մանտաթներից չզրկուելու, բացականեր չստանալու, աշխատավարձը չկորցնելու համար արուած քայլ, եւ նշուած գործողութիւնները դրա մասին են խօսում․ առաւօտեան գալ, գրանցուել եւ յետոյ լքել դահլիճը: Ի դէպ, դէմ քուէարկել քառօրեայի օրակարգին, որտեղ քննարկւում են նպաստների բարձրացման, աշխատաբարձերի բարձրացման, սպայական կազմի աթեսթաւորման, հետեւաբար նաեւ բանակում աշխատավարձերի բարձրացման, բանակին վերաբերող այլ նախագծեր: Չնայած այն հանգամանքին, որ ընդդիմութիւնը յայտարարում է, թէ իրենց համար օրակարգային են բանակին, բանակաշինութեանը վերաբերող հարցերը, իսկական կեանքում մարդիկ դէմ են քուէարկում այն օրակարգին, որտեղ ներառուած են բանակին վերաբերող կամ աշխատավարձերին վերաբերող եւ սոցիալական այլ հարցերին վերաբերող հարցեր», ըսաւ Արթուր Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով ընդդիմադիր պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի  յայտարարութեան, թէ իրենք խորհրդարանին մէջ են, եւ իշխանութիւնը ստիպուած է համակերպիլ այդ փաստին հետ, ինչպէս նաեւ` ԱԺ-ն իշխանութեան սեփականութիւնը չէ, Արթուր Յովհաննիսեանը կարծիք յայտնեց, որ այդ ամէնուն նպատակը մէկն է` արդարացնել իրենց ներկայութիւնը եւ վերադարձը ԱԺ` թերեւս նաեւ եղանակներու ցրտելուն պատճառով:

«Պարզ է, որ իշխող կուսակցութեանը չէ ԱԺ-ն, ԱԺ-ն ՀՀ ժողովրդինն է, որն իր կողմից պատգամաւորներին գործուղում է ԱԺ եւ ակնկալում է, որ այդ պատգամաւորները պէտք է սպասարկեն իրենց մանտաթը: Մինչ այս պահը մենք տեսնում ենք, որ ԱԺ գործուղուած պատգամաւորները, բացի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւորներից, չեն սպասարկել ՀՀ քաղաքացու շահը», նկատեց Արթուր Յովհաննիսեան:

Մեկնաբանելով «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանի այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք մասնակցած են միջազգային հարթակներու քննարկումներուն, որպէսզի զերծ պահեն իշխանութիւնը հակապետական որոշումներէ, Արթուր Յովհաննիսեանը հակադարձեց, որ այդ որակումները եւ 10 անգամ աւելի ժամանակին մեր ժողովուրդը տուած է Մամիջանեանին եւ անոր «քաղաքական սեփականատէրերուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment