Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պէտք Է Ունենայ Միջազգային Լուրջ Երաշխիքներ․ Ալէն Սիմոնեան

Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պէտք Է Ունենայ Միջազգային Լուրջ Երաշխիքներ․ Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Հայաստանի իշխանութիւնները լուրջ կը վերաբերին խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն եւ անոր վերաբերեալ իրենց պատկերացումները կը յայտնեն բոլոր կողմերուն: Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան` մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը այն մասին, որ խաղաղութեան պայմանագրէն 12 ժամ յետոյ պատերազմ կրնայ սկսիլ, եթէ չըլլան միջազգային երաշխիքներ:

«Իշխանութիւնը լուրջ է վերաբերւում, եւ իր պատկերացումներն է յայտնում խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ, նաեւ` այն բոլոր կողմերին, որոնք միջնորդ են հանդիսանում այդ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար: Դրա համար է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ասել, որ պէտք է լինեն յստակ երաշխիքներ, որովհետեւ միայն թուղթ ստորագրելով չի: Յուսանք, որ այդ պայմանագիրը լուրջ երաշխիքներ կ’ունենայ, որովհետեւ ուղղակի պայմանագիր ստորագրելը բաւարար պայման չէ», ըսաւ Սիմոնեան:

Ազգային Ժողովի նախագահին խօսքով` այս տրամաբանութեամբ պէտք է յառաջ շարժիլ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ:

«Ինչպէս տեսնում էք, ի հեճուկս ընդդիմութեան յայտարարութիւններին, երկու տարի անց Հայաստանը բաւականին լաւ բանակցում է, եւ կարելի է շատ երկար նշել միջազգային ասպարէզում մեր դիւանագիտութեան յաղթանակները: Նման ներգրաւուածութիւն ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի կողմից նոյնիսկ չի եղել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի ձեւաչափի ժամանակ: Արդեօ՞ք սա յաղթանակ չէ: Իմ կարծիքով, դիւանագիտական առումով շատ մեծ յաղթանակ է», ըսաւ Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment