Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետական Դաւաճանութեան Մեղադրանքով Եռամսեայ Հաւաքներուն Մասնակցած Զինուոր Մը Ձերբակալուած Է

Պետական Դաւաճանութեան Մեղադրանքով Եռամսեայ Հաւաքներուն Մասնակցած Զինուոր Մը Ձերբակալուած Է

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը յայտնէ պետական դաւաճանութեան հերթական դէպքը բացայայտելու մասին, եռամսեայ հաւաքներուն մասնակցած զինուորը ձերբակալուած է:

Ըստ ԱԱԾ-ի` 2021-ի Օգոստոս-Նոյեմբեր ամիսներուն Պաշտպանութեան Նախարարութեան եռամսեայ հաւաքներուն մասնակցած զինուոր, շարքային Է.Ա-ն, կարճ ժամանակով առնչուելով պետական ու ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններու հետ, 2021-ի Հոկտեմբերին Ֆէյսպուքի միջոցով ծանօթացած է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան աշխատակից հանդիսացող անձի հետ, Ուաթսափի միջոցով հաւաքած եւ անոր յանձնած է իրեն վստահուած դիրքին, անոր ճշգրիտ տեղակայման, դիրքապահ անձնակազմի քանակին, սպառազինութեան, անոնց մէ ծառայութեան կայացման կարգին վերաբերեալ պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ, որոնց դիմաց ստացած է իբր իր զրուցակիցին մերկ լուսանկարները:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment