Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Հոկտեմբեր 27-ի Ոճրագործութեան Զոհերու Յիշատակին

Փաշինեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Հոկտեմբեր 27-ի Ոճրագործութեան Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 27-ին Կառավարութեան անդամներու եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու հետ Ազգային Ժողովի այգիին մէջ մասնակցած է 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհ դարձած պետական եւ քաղաքական գործիչներու յիշատակի արարողութեան:

Նիկոլ Փաշինեան ծաղիկներ խոնարհած է յուշակոթողին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:

ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորները, աշխատակազմի ներկայացուցիչները 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհերու հարազատներու հետ ծաղիկներ խոնարհեցին զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

Ազգային Ժողովի բակին մէջ յիշատակի արարողութենէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին Կարէն Դէմիրճեանի որդին` Ստեփան Դէմիրճեանը ըսաւ, որ ինք Հոկտեմբեր 27-ի վերաբացուած գործի մանրամասնութիւններուն չի տիրապետեր: Ան առաջարկեց սպասել, տեսնել, թէ ինչ պիտի ըսեն համապատասխան մարմինները:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօ՞ք 23 տարի առաջ տեղի ունեցածը ուղիղ կապ ունի Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին հետ` Դէմիրճեանը պատասխանեց. «Այն առումով, որ դա ծանրագոյն հարուած հասցրեց մեր պետականութեանը, մեր պետութեանը, ի հարկէ, կայ ուղիղ կապ: Հոկտեմբերի 27-ի ոճրագործութեան հետեւանքները զգացնել են տալիս առ այսօր: Գործի բացայայտումը ոչ միայն պէտք է զոհերի հարազատներին, այլ նաեւ մեր պետութեանը, ժողովրդին»:

1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Նաիրի Յունանեանը եղբօր, քեռիին եւ քանի մը այլ անձերու հետ իրականացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի վրայ յարձակում, որ տեղի ունեցած է հերթական նստաշրջանի կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ` կառավարութեան անդամներուն ներկայութեամբ: Գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած են ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Դէմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ 6 այլ պետական գործիչներ ու ԱԺ պատգամաւորներ, 8 մարդ վիրաւորուած է:

Հոկտեմբեր 27-ի յարձակման ժամանակ զոհուած, ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ Եուրի Բախշեանի կինը` Անահիտ Բախշեանը, 2019 թուականի Դեկտեմբեր 18-ին դիմած էր Գլխաւոր Դատախազութիւն` պահանջելով վերացնել Հոկտեմբեր 27-ի գործէն անջատուած մասի կարճման որոշումն ու սկսիլ նոր քննութիւն: Բախշեանի բողոքը բաւարարուած էր, քրէական գործի վարոյթը կարճելու մասին նախաքննութեան մարմինի 2004 թուականի Նոյեմբեր 11-ի որոշումը վերացուած էր, եւ քրէական գործով նախաքննութիւնը յանձնարարուած էր ԱԱԾ-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment