Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԽ Քարտուղարն Ու Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

ՀՀ ԱԽ Քարտուղարն Ու Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հոկտեմբեր 27-ին հանդիպած է Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու նախարարութեան պատուիրակութեան հետ, որ կը գլխաւորէր Ֆրանսայի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Միջազգային Յարաբերութիւններու եւ Ռազմավարութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Կիյոմ Օլանժիէն: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույոն:

Արմէն Գրիգորեան ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ շեշտած է այցին կարեւորութիւնը:

Արմէն Գրիգորեան  եւ Կիյոմ Օլանժիէն գոհունակութեամբ ընդգծած են երկուստեք իրականացուող գործուն քայլերը հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ե՛ւ խորացման, ե՛ւ ընդլայնման ուղղութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է ՀՀ Զինուած Ուժերու բարեփոխումներուն ընթացքը եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան հասնելուն միտուած ջանքերը:

Զրուցակիցները քննարկած են պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment