Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Դիտորդները Ուղեւորուած Են Հայ-Ատրպէյճանական Սահման` Պարեկութիւն Իրականացնելու

ԵՄ Դիտորդները Ուղեւորուած Են Հայ-Ատրպէյճանական Սահման` Պարեկութիւն Իրականացնելու

by MassisPost

Եւրոմիութեան դիտորդները ուղեւորուած են հայ-ատրպէյճանական սահման` պարեկութիւն իրականացնելու: Այս մասին տեղեկացուցած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլի ղեկավարութեամբ գործող Եւրոպական Արտաքին Գործողութեան Ծառայութիւնը:

Ծառայութիւնը Թուիթըրի մէջ գրառմամբ կը նշէ, որ ԵՄ առաքելութիւնը պիտի հետեւի սահմանի հայկական կողմը տիրող իրավիճակին` վստահութիւն ձեւաւորելու եւ սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցելու համար:

Քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը կայացուած է այս ամսուան սկիզբը Փրակի մէջ` Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ու Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարներու հանդիպման բերումով: Եւրոպացի անզէն 40 դիտորդները Հայաստանի մէջ պիտի մնան առաւելագոյնը երկու ամիս:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment