Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Անյապաղ Հետաքննելու Հայ Ռազմագերիներու Գնդակահարութեան Տեսանիւթը

ԵՄ-ն Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Անյապաղ Հետաքննելու Հայ Ռազմագերիներու Գնդակահարութեան Տեսանիւթը

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է անյապաղ հետաքննելու տարածուած տեսանիւթը, որուն մէջ ատրպէյճանցի զինուորները հայկական մարտական յենակէտին մէջ դաժանաբար կը գնդակահարեն արդէն իսկ գերի յանձնուած հայ զինուորները: Պրիւքսէլի մէջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտարարած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանօն:

«Մենք կոչ կ’ընենք անյապաղ հետաքննութիւն կատարելու համապատասխան մարմիններուն կողմիցէ: Այն տեսանիւթը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի կ’ենթարկեն հայ զինուորները, պէտք է հետաքննուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ», ըսած է ան:

Սթանոյի խօսքով` եթէ հետաքննութեան արդիւնքները ապացուցեն տեսանիւթին իսկութիւնը, ապա այդ ռազմական յանցագործութիւն է եւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում:

«Նման յանցագործութիւնը պէտք է դատապարտուի», յաւելած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment