Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Նախագահը Անընդունելի Համարած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ճանչցուած Սահմաններու Որեւէ Հնարաւոր Փոփոխութիւն

Իրանի Նախագահը Անընդունելի Համարած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ճանչցուած Սահմաններու Որեւէ Հնարաւոր Փոփոխութիւն

by MassisPost

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Այս մասին Ուզպեքստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ ընթացող Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ իր ելոյթին ժամանակ յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին:

«Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը շատ կարեւոր է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար: Մենք մշտապէս շեշտած ենք, որ անհրաժեշտ է յարգել երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ մերժած՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Կողմերը պէտք է լուծեն տարաձայնութիւնները երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ճանապարհով` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ», նշած է նախագահ Ռայիսին:

Ան յայտարարած է, որ Իրանը, պաշտպանելով իր ազգային շահերն ու անվտանգութիւնը, կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին լուծելու իրենց տարաձայնութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment