Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքին Որեւէ Միլիմեթրը Քննարկման Առակայ Չի Կրնար Ըլլալ. Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքին Որեւէ Միլիմեթրը Քննարկման Առակայ Չի Կրնար Ըլլալ. Փաշինեան

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գործունէութիւնը Խաթարող Որեւէ Փորձ Պէտք Է Ամենակոշտ Մեթոտներով Կանխուի

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներգրաւուած է բանակցային գործընթացի մէջ, այդ շարքին` սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով: Կառավարութեան նիստին այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մենք դիրքորոշումը շատ յստակ է, որ մենք գնալու ենք, բոլոր հնարաւոր քայլերը ձեռնարկելու ենք կարգաւորումների, տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար:

Սահմանների սահմանազատման եւ սահմանագծման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի առումով ուզում եմ ընդգծել, որ մեզ համար անընդունելի է այդ գործընթացը տարածքային պահանջներ եւ նկրտումներ առաջադրելու նպատակով օգտագործելու ցանկացած փորձ: Էլի եմ ասում` Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29,8 հազար քառակուսի քիլոմեթր  տարածք ունի եւ այդ տարածքի որեւէ միլիմեթրը քննարկման առակայ լինել չի կարող: Ես ուզում եմ, որ սա յստակ արձանագրենք եւ այս դիրքորոշումը որեւէ հանգամանքի ներքոյ փոփոխութեան չի ենթարկուի», ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշումը այն է, որ Ատրպէյճանի նախայարձակ ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն:

«Եւ մենք բոլոր ատեաններում, բոլոր հնարաւոր միջոցներով պէտք է հետապնդենք այս դիրքորոշումը եւ հասնենք առաջադրուած խնդրի լուծմանը», եզրափակեց Փաշինեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի զինուած ուժերուն գործունէութիւնը խաթարող փորձերուն՝ վարչապետ  Փաշինեան յայտարարած է որ  ամենակոշտ մեթոտներով պիտի կանխուի` անկախ մղումներէն, անկախ գործող անձերու զգացական վիճակէն:

«Ցաւօք, 44-օրեայ պատերազմում եւ դրանից յետոյ դէպքեր ենք ունեցել: Լաւ է, որ այդ գործերով խիստ քննութիւն է գնում, դատական գործեր կան: Որեւէ անձի որեւէ կարգավիճակ թոյլ չի տալիս օրէնքից դուրս գործողութիւններ անել, որտեղ որեւէ մէկը` անկախ զգացական վիճակից, օրէնքի գիծն անցնում է, պէտք է իրաւապահ համակարգի ազդեցութիւնը շատ արագ եւ ամենակոշտ ձեւով զգայ, որովհետեւ սա պետական անվտանգութեան հարց է, եւ այստեղ մենք չենք պատրաստւում որեւէ փոխհամաձայնութեան երթալ», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը նշեց, որ կառավարութեան համար շատ կարեւոր է տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովումը:

«Տեսնում ենք, որ ինչ-որ կասկածելի անձինք կարող են կասկածելի տեղեկութիւններով սպառնալիքներ ստեղծեն երկրի ազգային անվտանգութեան համար: Ժողովրդավարութիւնը ժողովրդավարութիւն, խօսքի ազատութիւն, ամէն ինչ հասկացանք, բայց այլասերուածներին պէտք է թոյլ չտալ այլասերուածութիւն մտցնել: Ակնկալում ենք, որ իրաւապահ համակարգը, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շատ յստակ մեթոտներ եւ միջոցնէր ձեռնարկի` յայտնաբերելով այդ թւում համագործակցող անձանց, որովհետեւ դա գործակալական ցանց է Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը վերջին շրջանում շատ մեծ յաջողութիւններ ունի գործակալական ցանցեր բացայայտելու առումով, բայց, կարծում եմ, գործակալական ցանցերի հետ մեր խնդիրները չենք կարգաւորել եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնել», ըսաւ Փաշինեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment