Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Մէջ Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Ըրած Են Շուտափոյթ Դադրեցնելու Կրակը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Մէջ Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Ըրած Են Շուտափոյթ Դադրեցնելու Կրակը

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամները կողմ արտայայտուած են Պաքուի եւ Երեւանի շուտափոյթ զինադադարին, կը պատրաստուի Խորհրդի յայտարարութիւնը «տարրեր մամուլի համար» ձեւաչափով: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզեան:

«Բոլորը միակամ կողմ արտայայտուած են շուտափոյթ զինադադարին եւ իրավիճակի կարգաւորման քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով: Կը քննարկուին «տարրերը մամուլի հաճար»,փորձագէտները կ’աշխատին անոր վրայ», ըսած է ան:

Ան յաւելած է, որ Մոսկուան կը պնդէ, որ մամուլի համար յայտարարութեան մէջ յղում ըլլայ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու երեք եռակողմ յայտարարութիւններուն, որոնք երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմք կը հանդիսանան:

Ան նաեւ յաւելած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի փակ նիստին Ռուսիան տեղեկացուցած է այն աշխատանքներուն մասին, որոնք կը տարուին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment