Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Արդէն Տեղակայուած Են Նոր Երթուղիի Համապատասխան Հատուածին Մէջ

Ռուս Խաղաղապահները Արդէն Տեղակայուած Են Նոր Երթուղիի Համապատասխան Հատուածին Մէջ

by MassisPost

Ռուս խաղաղապահները արդէն տեղակայուած են Ստեփանակերտ-Գորիս նոր երթուղիի 4,7 քիլոմեթրնոց հատուածին մէջ: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի խօսնակ Վիքթորիա Պետրոսեանը: «Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղիի ժամանակաւոր այդ հատուածը ամբողջութեամբ ասֆալթապատուած է: Այն պիտի գործէ նոյն տրամաբանութեամբ, ինչ Ստեփանակերտ-Գորիս-Բերձոր ճանապարհը: Նոր երթուղին արդէն կը գործէ մինչեւ Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքի հիմնական ճանապարհահատուածի կառուցման աւարտը: Ներկայիս ռուս խաղաղապահները տեղակայուած են այնտեղ ու վերահսկողութիւն կ՛իրականացնեն», ըսած է Վ. Պետրոսեանը:

Անոր հաւաստմամբ` ճանապարհը ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի սպասարկուի համապատասխան մասնագէտներու կողմէ եւ, անկախ եղանակային պայմաններէն, երթեւեկութեան հետ խնդիր պիտի չառաջանայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment