Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ձերբակալուած Է Զօրավար Միքայէլ Արզումանեանը

Ձերբակալուած Է Զօրավար Միքայէլ Արզումանեանը

Շուշիի Եւ Յարակից Շրջաններու Պաշտպանութեան Կազմակերպման Ընթացքին Անփոյթ Վերաբերմունք Դրսեւորելու Մեղադրանքով

by MassisPost

Արցախէն Երեւան գալու ճանապարհին ձերբակալուած եւ բերման ենթարկուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար-պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի գործող գլխաւոր խորհրդական Միքայէլ Արզումանեանը:

Արզումանեանը բերման ենթարկուած է ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական վարչութեան քննիչներուն յանձնարարութեամբ:

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ քննուող քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ իրականացուած մեծածաւալ քննչական եւ վարութային գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած է, որ կոչումով զօրավար-լեյթենանթ Մ.Ա.-ն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծած նախայարձակ պատերազմի ընթացքին, յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ` 2020 թուականի Հոկտեմբեր 30-էն մինչեւ Նոյեմբեր 9 ինկած ժամանակահատուածին, Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ` չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, որպիսի գործողութիւնները անզգուշութեամբ յառաջացուցած են ծանր հետեւանքներ. հակառակորդի զինուած ուժերը ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Շուշի քաղաքը եւ մատոյցները, իւրային ստորաբաժանումները կրած են զոհեր եւ վիրաւորներ:

Զօրավար-լեյթենանթ Մ.Ա.-ն, անձնական պատասխանատուութիւն կրելով ենթակայ զօրքերու պատրաստութեան եւ պատրաստականութեան, կիրառման, ինչպէս նաեւ` զօրքերուն (ուժերուն) առաջադրուած խնդիրներու յաջող կատարման համար, 2020 թուականի Հոկտեմբեր 30-էն Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանողական գործողութեան կազմակերպման ընթացքին չէ ապահոված զօրքերու (ուժերու) մարտական հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ օգտագործումն ու սահմանուած ժամկէտերու մէջ առաջադրուած խնդիրներու յաջող կատարումը, չէ վերահսկած առաջադրուած խնդիրներու կատարումը եւ չէ ցուցաբերած անհրաժեշտ օգնութիւն, ընդունած որոշումներու իրականացման նկատմամբ չէ դրսեւորած հաստատակամութիւն ու վճռականութիւն, գործնական ու ճկուն չէ արձագանգած ստեղծուած իրադրութեան փոփոխութիւններուն, չէ ապահոված զօրքերու կիրառման կայունութիւնը, անընդհատութիւնը, գործնականութիւնը, ներդաշնակ եւ լիարժէք հրամանատարութիւնը:

Մասնաւորապէս, զօրավար-լեյթենանթ Մ.Ա.-ն իր կողմէ արձակուած մարտական կարգադրութեամբ Շուշիի յարակից շրջաններու պաշտպանական բնագիծի չպահուող հատուածին մէջ չէ յանձնարարած զօրք տեղակայել, չէ նշած հարեւաններուն խնդիրները, սահմանազատման գիծերը: Հոկտեմբեր 31-ին N ստորաբաժանման զբաղեցուցած բնագիծի աջակողմեան տեղամասին մէջ, ինչպէս նաեւ Շուշի-Լիսագոր մայրուղիի հատուածին մէջ անհրաժեշտ պաշտպանութիւն չէ կազմակերպած, այն պայմաններուն մէջ, երբ Հոկտեմբեր 27-էն իր ենթակայութեան վակ ունեցած է Շուշիի ուղղութեամբ գտնուող N զօրամասի հենքի վրայ կազմաւորուած 95 զինուորներէ բաղկացած յատուկ հրաձգային վաշտը, Հոկտեմբեր 27-էն եւ 28-էն` իրենց պաշտպանութեան տեղամասէն դուրս եկած` համապատասխանաբար N զօրամասի  երկու առանձին գումարտակները` բաղկացած ընդհանուր 365 զինուորէ, որոնք տուեալ ժամանակահատուածին ներգրաւուած չեն եղած մարտական խնդիրներու կատարման:

Բացի անկէ, մինչեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 6-ը ներառեալ Մ.Ա.-ն իր կողմէ ստորագրուած ամփոփագրերուն մէջ իրադրութիւնը ներկայացնելով նշած է, որ կը շարունակէ խնդիրը կատարել, այդ շարքին` Շուշի քաղաքին ուղղութեամբ, իրադրութիւնը ներկայացուցած է վերահսկելի, այն պայմաններուն մէջ, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 5-ին հակառակորդին խումբերը յաջողած են ներթափանցել Շուշի քաղաք: Վերջինիս որոշմամբ Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանողական գործողութեան մէջ նշուած ստորաբաժանումները ներգրաւուած են ժամանակավրէպ, մասնաւորապէս` Նոյեմբեր 5-ին N զօրամասի մէկ հրաձգային գումարտակը տեղակայուած է Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկէն մինչեւ «Իսահակի Աղբիւր» կոչուող տեղամասի սկզբնամաս` կամարի մօտակայք, սակայն մինչ այդ հակառակորդին ստորաբաժանումները արդէն իսկ հսկողութեան տակ վերցուած են Քարինտակ բնակավայրը, Շուշի-Լիսագոր մայրուղիի` «Զառըսլի» կոչուող տեղամասի հատուածը, եւ «Իսահակի Աղբիւր» կոչուող տեղամասին խորքը ինկած հատուածները, որպիսի պայմաններու մէջ գումարտակի անձնակազմը չէ հասցուցած կազմակերպել կայուն պաշտպանութիւն, տուեալ ուղղութիւն տեղափոխուելով` անմիջապէս յայտնուած է շրջափակման վտանգի տակ եւ պաշտպանութեան փոխարէն անցած է ինքնապաշտպանութեան` կրելով զոհեր եւ վիրաւորներ, մինչդեռ նշուած ստորաբաժանումը Նոյեմբեր 1-էն պատրաստ եղած է ներգրաւուելու մարտական գործողութիւններուն:

Բացի անկէ` Շուշիի պաշտպանողական գործողութեան մէջ չեն կիրառուած 2020 թուականի Հոկտեմբեր 15-էն մարտական գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուելու պատրաստ երկու առանձին մոթոհրաձգային գունդերու գումարտակները` իւրաքանչիւրը բաղկացած 250 զինուորէ, իսկ Հոկտեմբեր 20-էն` շուրջ 150 զինուորէ բաղկացած ստորաբաժանումներ, այսինքն` ընդհանուր 650 զինուորէ բաղկացած կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ:

Բացի այդ, Մ.Ա.-ի կողմէ խախտուած են զօրքերուն միանձնեայ ղեկավարման, ենթականերուն առաջադրուած խնդիրներու կատարման եղանակներու որոշման նախաձեռնողականութեան տրամադրմամբ կեդրոնացուած կառավարման սկզբունքները. Շուշիի ուղղութեամբ գործող զօրքերու ղեկավարները իրադարձութիւններու անընդհատ փոփոխման պայմաններուն մէջ չեն հասցուցած ուսումնասիրել իւրային ստորաբաժանումները եւ անոնց տեղակայման վայրերը, կիրառել զանոնք ըստ անհրաժեշտութեան, ապահովել Շուշիի ուղղութեամբ գործող կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներուն եւ աշխարհազօրին միջեւ անհրաժեշտ համագործակցութիւնը, պաշտպանութեան շարք մը տեղամասերու մէջ` Շուշի-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ գտնուող լցակայանի խաչմերուկին մօտակայքը, տուեալ խաչմերուկէն մինչեւ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկ ինկած հատուածին մէջ, ստորաբաժանումներ չեն տեղակայուած («Իսահակի Աղբիւր» կոչուող տեղամասի ձորերուն եւ բարձունքներուն հատուածով հակառակորդը շրջանցած է իւրային ստորաբաժանումները եւ շրջափակման մէջ վերցուցած է Շուշի քաղաքը):

2022 թուականի Օգոստոս 30-ին Մ.Ա.-ին մեղադրանք առաջադրուած է 2003 թուականի Ապրիլ 18-ին ընդունուած ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 375-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (կը համապատասխանէ ՀՀ գործող Քրէական Օրէնսգիրքի 550-րդ յօդուածի 3-րդ մասին, այն է` զինուորական պաշտօնէական անփութութիւն): Ազատութեան մէջ­ գտնուող մեղադրեալ Մ.Ա.-ի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած` նոյն օրը որոշում կայացուած է վերջինս ձերբակալելու մասին: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment